Օրեր առաջ մեծ չափի գողութեան դէպք տեղի ունեցած է Լոռիի մարզին մէջ:
7 Հոկտեմբերին ոստիկանութեան Թումանեանի բաժին դիմած է Ալավերտի քաղաքին մէջ հաշուառուած, 47-ամեայ Կարինէ Ռամազեանը եւ յայտնած, որ 6 Հոկտեմբերի ժամը 16:00-էն մինչեւ 7 Հոկտեմբեր ժամը 07:30 ինկած ժամանակահատուածին անյայտ անձը կամ անձեր վնասած են Ալավերտի քաղաքի Սպենդարեանի անուան թիւ 1 հիմնական դպրոցի առաջին յարկի երկրորդական մուտքին դուռը, ապա մտած՝ դպրոցի տարածք եւ առաջին յարկը գտնուող կաթսայատան սենեակէն գողցած են 2 հատ «BRE ՏHIANO» տեսակի ջեռուցման կաթսայ:
Ըստ տեղեկութիւններուն, գողը կամ գողերը դպրոցին պատճառած են մօտ 1,5 միլիոն դրամի վնաս: