image

Թալանած են Սպենդիարեանի թիւ 1 հիմնական դպրոցը

Թալանած են Սպենդիարեանի թիւ 1 հիմնական դպրոցը

Օրեր առաջ մեծ չափի գողութեան դէպք տեղի ունեցած է Լոռիի մարզին մէջ:

7 Հոկտեմբերին ոստիկանութեան Թումանեանի բաժին դիմած է Ալավերտի քաղաքին մէջ հաշուառուած,  47-ամեայ Կարինէ Ռամազեանը եւ յայտնած, որ  6 Հոկտեմբերի ժամը 16:00-էն մինչեւ 7 Հոկտեմբեր ժամը 07:30 ինկած ժամանակահատուածին անյայտ անձը կամ անձեր վնասած են  Ալավերտի քաղաքի Սպենդարեանի անուան թիւ 1 հիմնական դպրոցի առաջին յարկի երկրորդական մուտքին դուռը,  ապա մտած՝ դպրոցի տարածք եւ առաջին յարկը գտնուող կաթսայատան սենեակէն գողցած են 2 հատ  «BRE ՏHIANO» տեսակի ջեռուցման կաթսայ: 

Ըստ տեղեկութիւններուն, գողը կամ գողերը դպրոցին պատճառած են մօտ 1,5 միլիոն դրամի վնաս: