image
Հրատապ լուրեր:

Տէվէճեան կը քննադատէ Ատրպէյճանի եւ Վատիկանի գործակցութիւնը

Տէվէճեան կը քննադատէ Ատրպէյճանի եւ Վատիկանի գործակցութիւնը

Ֆրանսահայ գործիչ Ֆրանսուա Տէվէճեան (Փաթրիք Տէվէճեանիորդին) «X» ընկերային ցանցի իր հաշիւին վրայ կատարած գրառումով խստօրէն կը քննադատէ Ատրպէյճանն ու Վատիկանը։ Ան Ալիեւի վարչակազմը կը մեղադրէ «մշակոյթի դիւանագիտութիւնը» «կաշառակերութեան դիւանագիտութեան» հետ նոյնացնելուն համար։

Տէվէճեան նաեւ կը պարսաւէ Վատիկանը, որ Հռոմի մէջ վերականգնման ծրագրերու շուրջ կը գործակցի Պաքուի հետ։ Ֆրանսահայ գործիչը սա կ՚որակէ «փարիսեցիներու կեղծաւորութիւն» եւ կը մէջբերէ Աւետարանի «սպիտակացուած գերեզմաններ»-ու հատուածը՝ «Վա՜յ ձեզի, դպիրնե՛ր եւ Փարիսեցինե՛ր, կեղծաւորներ, վասնզի սպիտակցուած գերեզմաններու կը նմանիք, որոնք դուրսէն գեղեցիկ կ’երեւին, բայց ներսէն՝ մեռելներու ոսկորներով եւ ամէն տեսակ պղծութեամբ լեցուն են»։

Տէվէճեանի այս հակազդեցութեան պատճառ դարձած լուրը, զոր հաղորդած էին ատրպէյճանական լրասփիւռները, հետեւեալն է.

«Հռոմի հնագոյն Գոմոտիլլայի ստորերկրեայ դամբարաններու վերականգնումին մէջ՝ Ատրպէյճանի գործակցութիւնը Սուրբ Աթոռին հետ, մշակոյթի միջոցով դիւանագիտութեան հզօր օրինակ մըն է։

Ժառանգութիւնը պահպանելով՝ մենք կ՚ամրապնդենք քաղաքակրթութիւններու միջեւ երկխօսութիւնը եւ կը վերահաստատենք խաղաղութեան ու փոխադարձ յարգանքի համամարդկային արժէքները»։