«Քասսամ»ի դիպուկահարը յաջողած է ճշգրիտ ընտրել թիրախը՝ երկար հետեւելով իսրայէլեան ուժերուն եւ ներկայ զինուորներու՝ սպայի հետ շփման եղանակին ու ապա միայն հարուածած իր թիրախը։
«Համաս»ի ռազմական թեւ հանդիսացող՝ «Ըզ ալ-Տին ալ-Քասաամ» փաղանգը հրապարակած է դիպուկահարներու յատուկ գործողութեան տեսարաններ, որոնք կատարուած են երէկ, Կազայի հատուածի հիւսիսը գտնուող Թալ ալ-Հաուայի մէջ։
Տեսագրութեան մէջ յստակ կ՚երեւի, թէ ինչպէս «Քասսամ» փաղանգին ենթակայ դիպուկահարներու խումբը կը թափանցէ իսրայէլացի զինուորներու դիրքաւորման վայրը վերահսկող տարածք եւ յարմար տեղ կը գրաւէ՝ թիրախաւորելու հետեւակային զօրագունդը, որ կը գտնուէր Կազայի հատուածի հիւսիս-արեւմուտեան տարածքին մէջ:
Եւ ինչպէս յստակ ցոյց կու տայ տեսանիւթը, «Քասսամ»ի դիպուկահարը կը յաջողի ճշգրիտ ընտրել թիրախը. անոր յաջողութեան պատճառը երկար դիտարկումն էր՝ իսրայէլեան ուժերու շարժին, եւ՝ ներկայ զինուորներու՝ սպայի հետ շփման եղանակին. Ինչն ալ անոր տարբերեց իր հետ գտնուող միւս զինուորներէն։
Տեսանիւթի հրապարակումը տեղի ունեցաւ «Քասսամ»ի թիրախային գործողութեան մասին յայտարարելէն մէկ օր անց, որուն յաջորդեց իսրայէլեան բանակի յայտարարութիւնը՝ Կազայի մէջ «Շըլտահ» յատուկ նշանակութեան ստորաբաժանման յայտնի՝ մայորի կոչում ունեցող սպաներէն մէկու սպանութեան մասին, եւ որու մասին երէկ լայնօրէն մեկնաբանած են իսրայէլեան լրատուամիջոցները։
Իսրայէլեան լրատուամիջոցները հաստատած են, որ իսրայէլեան օդուժի ընտրելագոյն յատուկ ուժերը՝ «Շըլտահ»ը, Կազայի հատուածին մէջ կորսնցուցած է իր ուժայիններէն այնքան, որքան չէ կորսնցուցած նախորդ բոլոր պատերազմներու ընթացքին. այդ խմբակը արդէն 9 զոհ ունեցած է իր շարքերէն։
Նշենք, որ այդ Սպայի սպանութեամբ, հոկտեմբեր 7-էն ի վեր իսրայէլեան զօրքերու զոհերու թիւը հասած է 565-ի, որոնցմէ՝ 228-ը՝ սպաներ եւ զինուորներ, սպանուած Կազայի հատուած ցամաքային ներխուժման սկիզբէն։
Լուրը համադրաբար՝ Arevelk.am-ի
#شاهد | القسام تنشر مشاهد عن عملية قنص نوعية لضابط إسرائيلي، غربي قطاع #غزة. #طوفان_الأقصى pic.twitter.com/qGuEMGW2ak
— قناة الميادين (@AlMayadeenNews) February 1, 2024