Հայաստան հոկտեմբեր 6-ին պիտի ժամանէ Ճգնաժամային իրաւիճակներու կառավարման հարցերով եւրոպական յանձնակատար Եանէզ Լենարչիչը, որ պատասխանատու է եւրոպական քաղաքացիական պաշտպանութեան եւ մարդասիրական օգնութեան հարցերով։
Երեւանի մէջ Լենարչիչը պիտի հանդիպի Հայաստանի բարձրաստիճան ներկայացուցիչներու հետ եւ պիտի այցելէ վայրեր, ուր ապաստան գտած են Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուած անձինք: