image

ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոն պիտի ժամանէ Հայաստան

ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոն պիտի ժամանէ Հայաստան

Մայիս 26-ին Հայաստան պիտի ժամանէ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոն: Այս մասին յայտնած են ԱԳՆ մամուլի ծառայութենէն։

Պիտի կայանայ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ Մարքօ Ռուպիոյի հանդիպումը, որմէ ետք նախարարները հանդէս պիտի գան մամուլի համար յայտարարութիւններով:

Ծրագրուած է երկկողմ փաստաթուղթերու ստորագրում:

Յաջորդիւ պիտի կայանայ նախարար Միրզոյեանի մամուլի ասուլիսը լրատուականներու ներկայացուցիչներու հետ:

ՀՀ եւ ԱՄՆ ԱԳ նախարարներու հանդիպումը պիտի մեկնարկի 15:25-ին, որմէ ետք տեղի պիտի ունենայ փաստաթուղթերու ստորագրման արարողութիւն: Այնուհետեւ Արարատ Միրզոյեանը եւ Մարքօ Ռուպիոն հանդէս պիտի գան մամուլի համար յայտարարութիւններով: