image

Ճեն Փսաքի կը հեռանայ Սպիտակ տան խօսնակի իր պաշտօնէն

Ճեն Փսաքի կը հեռանայ Սպիտակ տան  խօսնակի իր պաշտօնէն

Ճեն Փսաքին Ուրբաթ կէսօրին տուած է իր 224-րդ եւ վերջին ճեպազրոյցը` որպէս Սպիտակ տան մամուլի քարտուղար:

Ան շնորհակալութիւն յայտնած է իր գործընկերներուն եւ լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն համատեղ աշխատանքի համար:

Փսաքիի իրաւայաջորդը` Գարին Ժան-Փիեռը, Ուրբաթ հաստատած է, որ պիտի շարունակէ կանոնաւոր ճեպազրոյցներ կայացնել:

Կը նշուի, որ ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտընի պաշտօնավարման 16 ամսուայ ընթացքին Փսաքին «աւելի շատ ճեպազրոյցներ ունեցած է քան նախագահ Տոնալտ Թրամփի բոլոր մամուլի քարտուղարները միասին»:

Սպիտակ տան անցումային ծրագրի տնօրէն Մարթա Ճոնթ Քումարի խօսքով` ԱՄՆ նախկին նախագահ Տոնալտ Թրամփի օրօք ճեպազրոյցներու ընդհանուր թիւը 205 էր: Քումարը հաշուած է Շոն Սփայսըրի 58 ճեպազրոյց, Սառա Սանտըրզի 107 ճեպազրոյց, Սթեֆանի Կրիշեմի` զերօ եւ Քեյլի Մաքենանիի` 40, չորս տարուայ ընթացքին:

Այժմ Փսաքին կ'երթայ հեռուստատեսութիւն, մասնաւորապէս` MSNBC, թէեւ ան դեռ որեւէ պայմանագիր չէ ստորագրածեւ մինչեւ աշուն նոր աշխատանքի պիտի չանցնի: Քլեր Աթքինսընը Insider-էն Փսաքիի պաշտօնը նկարագրած է որպէս «ընդհանուր պաշտօն, որով ան պիտի յայտնուի NBC News-ի, MSNBC-ի եւ Peacock-ի հոսքային ծառայութեան մէջ»: