Վերջին շաբաթներուն Տաւուշի մարզի Բերդի տարածաշրջանի սահմանամերձ քանի մը գիւղերու մէջ ատրպէյճանական կողմէն կրակոցներ կը լսուին։ «Sputnik Արմենիա»ի հետ զրոյցին Չինարի գիւղի բնակիչներէն մէկը յայտնած է՝ կրակոցները գիւղի ուղղութեամբ չեն, դէպի օդ ուղղուած են, բուռն չեն։
«Մի 5-6 փամփուշտ են կրակում»,- ըսած է զրուցակիցը։
Հարեւան գիւղերուն մէջ՝ Ներքին Կարմիրաղբիւր, Մովսէս, եւս վերջին օրերուն գիշերային ժամերուն կրակոցներ լսուած են։
Բնակիչներու խօսքով՝ սա վերջին տարիներու համար նորութիւն է, տեւական ժամանակ կրակոցներ ընդհանրապէս չկային։
Գիւղերուն մէջ վիճակը խաղաղ է, լարուածութիւն չկայ, մարդիկ իրենց բնականոն աշխատանքը կը շարունակեն։
Յիշեցնենք, որ այսօր առաւօտեան ատրպէյճանական կողմը կրկին ապատեղեկատւութիւն տարածած էր` այս անգամ նշելով, թէ իբր «հայկական կողմը կրակած է Տաւուշի ուղղութեամբ տեղակայուած իրենց դիրքերու ուղղութեամբ, առաջին անգամ նաեւ նշելով, թէ իբր ատկէ ետք նոր ատրպէյճանական կողմը պատասխան կրակ բացած է»։ ՀՀ ՊՆ-ն հերքած է այդ լուրը։