Սուրիոյ Հոմս նահանգի կեդրոնական մասին մէջ գտնուող Փալմիրա քաղաքի մօտ տեղի ունեցած են կրակոցներ: Սուրիոյ անվտանգութեան ծառայութեան երկու աշխատակից զոհուած է, քանի մը ամերիկացի զինծառայող՝ վիրաւորուած: Անոնք համատեղ պարեկութիւն կ՚իրականացնէին՝ հաղորդած է SANA-ն՝ յղում ընելով անվտանգութեան աղբիւրին։
Աղբիւրի հաղորդմամբ՝ զինուած անձը կրակ բացած է զինուորներու ուղղութեամբ եւ սպանուած է դէպքի վայրին մէջ։ Անոր գործողութեան դրդապատճառներու մասին տեղեկութիւններ չկան։
Տէր Զօր-Դամասկոս մայրուղիի երթեւեկութիւնը ժամանակաւորապրս դադրեցուած է միջադէպի պատճառով։ Դէպքի վայր ժամանած են ամերիկեան ուղղաթիռներ՝ վիրաւորները տարհանելու համար։
Նախնական տեղեկութիւններու համաձայն՝ յարձակումը, ամենայն հաւանականութեամբ, կատարած են «Իսլամական պետութեան» կողմնակիցները: