image
Հրատապ լուրեր:

«Տահէշ»ի պատասխանատու մը սպաննուած է Սուրիոյ մէջ

«Տահէշ»ի պատասխանատու մը  սպաննուած է Սուրիոյ մէջ

ԱՄՆ Պաշտպանութեան նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչները յայտնած են, որ Սուրիոյ մէջ իրականացուած օդային հարուածի հետեւանքով սպաննուած է «Ալ Քայիտա» ահաբեկչական խմբաւորման առաջնորդներէն մէկը:

Ինչպէս հաղորդած է Fox News հեռուստաալիքը, Իտլիբի մօտակայքը 20 Սեպտեմբերին իրականացուած օդային հարուածի հետեւանքով սպաննուածը Սալիմ Ապու Ահմատն է: Ան պատասխանատու էր «Ալ Քայիտայ»ի անդրտարածաշրջանային յարձակումներու կազմակերպման, ֆինանսաւորման եւ հաստատման համար:

ԱՄՆ պաշտօնական աղբիւրին հաղորդմամբ՝ քաղաքացիական հանրութեան շրջանակին մէջ զոհեր չեն արձանագրուած: