image

Սուրբ Աստուածամայր հիւանդանոցին մէջ 2 տարեկան երեխայ մը մահացած է

Սուրբ Աստուածամայր   հիւանդանոցին մէջ  2 տարեկան երեխայ մը մահացած  է

ՀՀ հետազօտական բաժնի Երեւան քաղաքի հետազօտիչ վարչութեան Շենկաւիթի  բաժանումը «սպանութիւն» յատկանիշերով նախաձեռնած է քրէական վարոյթ մը՝ 25 Յուլիսին «Սուրբ Աստուածամայր» բժշկական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած ողբերգական դէպքէն ետք ։

 

SHAMSHYAN.com-ի  հաղորդմամբ այդ օր շուրջ ժամը 22:00-ին ոստիկանութեան Շենկաւիթի բաժինը ահազանգ ստացած է «Սուրբ Աստվածամայր» բժշկական կեդրոնէն, որ իրենց մօտ տեղափոխուած երեխան մահացած է։

 

Հիւանդանոց շտապած է ոստիկանութեան Շենկաւիթի բաժնի գործող խումբը՝ օրուայ պատասխանատուի գլխաւորութեամբ։ Ոստիկանները հաստատած են, որ մահացողը Արարատի մարզի գիւղերէն 2-ամեայ Մելիք Ա.-ն է։

 

Դատաբժիշկի նախնական եզրակացութեան համաձայն՝ արտաքին քննութեամբ դիակի վրայ բռնութեան հետքեր յայտնաբերուած չեն։ Քննիչի որոշումով նշանակուած է դիակի դատաբժշկական փորձաքննութիւն։