image

Սոթք եւ Նորաբակ կը շարունակեն մնալ ատրպէյճանեան կրակի թիրախ

Սոթք եւ Նորաբակ  կը շարունակեն մնալ  ատրպէյճանեան կրակի թիրախ

Ժամը 13:30-ի դրութեամբ Ատրպէյճանի ԶՈՒ ստորաբաժանումները կը շարունակեն հրաձգային զէնքերէ եւ ականանետէ կրակել Սոթքի եւ Նորաբակի հատուածին մէջ տեղակայուած հայկական դիրքերու ուղղութեամբ:

Այդ մասին յայտնած է ՀՀ ՊՆ-ն:

Պաշտպանութեան նախարարութիւնը հանդէս պիտի գայ լրացուցիչ հաղորդագրութեամբ:

Աւելի վաղ Ատրպէյճանի ԶՈւ ստորաբաժանումները սկասած էին կրակել Գեղարքունիքի մարզի Նորաբակի հատուածին մէջ տեղակայուած հայկական դիրքերու ուղղութեամբ:

«Ժամը 12:25-ի դրութեամբ Ադրբեջանի ԶՈւ ստորաբաժանումները հրաձգային զէնքերից կրակ են բացել Նորաբակի հատուածում տեղակայուած հայկական դիրքերի ուղղութեամբ»,–ըսուած է ՀՀ ՊՆ մամուլի ծառայութեան հաղորդագրութեան մէջ: