Հրազդանի մէջ բացուած է Firebird AI ընկերութեան «ԱԲ գործարանը»՝ աշխարհի ամենամեծ ԱԲ ենթակառուցուածքներէն մէկը։ Այս մասին դիմատետրեան իր էջին յայտնած է ԲՏԱ նախկին նախարար Մխիթար Հայրապետեանը։
«Աննկարագրելի ուրախութեամբ յայտնում եմ, որ քիչ առաջ Հրազդանում բացուեց Firebird AI ընկերութեան «ԱԲ գործարանը»՝ աշխարհի ամենամեծ ԱԲ ենթակառուցուածքներէն մէկը։
Կեցցէ՛ մեր չքնաղ Հայաստանի Հանրապետութիւնը»,- գրած է ան։
Աւելի վաղ հաղորդուած էր, որ Հրազդանի մէջ պիտի գործարկուի Firebird ընկերութեան 500 միլիոն տոլար արժողութեամբ արհեստական բանականութեան տուեալներու կեդրոնը, որ տարածաշրջանին մէջ ամենամեծը պիտի ըլլայ: Ծրագիրի 2-րդ փուլը գործարկելէ ետք ներդրումներու ծաւալը պիտի կազմէ մօտ 5 միլիառ տոլար։ Այդպիսով՝ Հայաստանը պիտի ներառուի ոլորտին մէջ առաջատար աշխարհի 5 երկիրներու ցանկին մէջ եւ պիտի դառնայ արհեստական բանականութեան համաշխարհային հանգոյց: