image
Հրատապ լուրեր:

Արեւմտեան Թեմէն Քահանայութեան թեկնածուներ Սուրբ Ներսէս Աստուածաբանական ընծայարանէն ներս կը շարունակեն իրենց Բարձրագոյն ուսումը

Արեւմտեան Թեմէն Քահանայութեան թեկնածուներ Սուրբ Ներսէս Աստուածաբանական ընծայարանէն ներս կը շարունակեն իրենց Բարձրագոյն ուսումը

Ուրախութեամբ կը տեղեկացնենք Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի հաւատացեալներուն, թէ Արեւմտեան Թեմէն քահանայութեան թեկնածուներ իրենց աստուածաբանական պատրաստութիւնը կը շարունակեն Նիւ Եորքի մէջ հաստատուած Սուրբ Ներսէս Աստուածաբանական Ընծայարանէն ներս։

Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արք. Տէրտէրեանի տնօրինութեամբ, քահանայութեան թեկնածուներ կը մեկնին Սուրբ Ներսէս Աստուածաբանական Ընծայարան՝ խորացնելու իրենց աստուածաբանական կրթութիւնն ու հոգեւոր պատրաստութիւնը, այն յանձնառութեամբ, որ ուսումնառութեան աւարտէն ետք վերադառնան Թեմ եւ լծուին Աստուածահաճոյ ու ժողովրդանուէր ծառայութեան։

Բարեշնորհ Արին Սրկ. Պարսանեան, որ Մայիս ամսուն աւարտեց իր աստուածաբանական ուսումնառութիւնը, վերադարձած է Արեւմտեան Թեմ եւ յառաջիկայ շաբաթներուն որպէս հովիւի օգնական պիտի ծառայէ Փասատինայի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ։

Միաժամանակ, Բարեշնորհ Կարօ Սրկ. Պոյաճեան եւ Բարեկրօն Շէյն Ճանեան յառաջիկայ ուսումնական տարեշրջանին եւս պիտի շարունակեն իրենց ուսումնառութիւնը՝ որպէս Արեւմտեան Թեմի քահանայութեան թեկնածուներ։

Կը տեղեկացնենք նաեւ, որ Սրբազան Հօր տնօրինութեամբ Արեւմտեան Թեմի քահանայութեան նոր թեկնածու՝ Ճոնաթան Տէր Ղազարեան, ինչպէս նաեւ հաւանական այլ թեկնածուներ, նախատեսուած են տարւոյս Սեպտեմբերէն սկսեալ յաճախել Սուրբ Ներսէս Աստուածաբանական Ընծայարանը։ Միեւնոյն ժամանակ, այլ թեկնածուներ եւս Արեւմտեան Թեմէն ներս կը պատրաստուին ապագային քահանայական կոչումին արժանանալու տեսլականով։

Սուրբ Ներսէս Աստուածաբանական Ընծայարանը, որ երկար տարիներէ ի վեր կը հանդիսանայ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ հոգեւոր կեանքի կարեւորագոյն կրթական կեդրոններէն մէկը, կը շարունակէ պատրաստել գիտակից, նուիրեալ եւ պատասխանատու հոգեւորականներ, որոնք կոչուած են ծառայելու Աստուծոյ եւ մեր ժողովուրդին՝ բարձր գիտակցութեամբ ու հաւատարմութեամբ։

Կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալները իրենց աղօթքներուն մէջ յիշելու մեր երիտասարդ քահանայութեան թեկնածուները, որպէսզի Ամենակալ Աստուած զօրացնէ զանոնք իրենց կոչման ճանապարհին եւ արժանացնէ զիրենք ծառայելու մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդին։

 

Դիւան Առաջնորդարանի
Մայիս 26, 2026