image

Ստեփանակերտի մէջ աւարտած է ՀՅԴ Պատանեկան բանակումը

Ստեփանակերտի մէջ աւարտած է ՀՅԴ Պատանեկան բանակումը

Այսօր Ստեփանակերտի Եուրի Պօղոսեանի անուան N6 դպրոցին մէջ տեղի ունեցած է ՀՅԴ պատանեկան վերջին ճամբարի փակման արարողութիւնը:

Փակման արարողութեան ներկայ էին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր-Խաչատուրեանը, ՀՅԴ Արցախի ԿԿ անդամներ, ծնողներ եւ ուսուցիչներ:

Դպրոցի տնօրէն Արթուր Մինասեանը ելոյթի իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնած է ՀՅԴ Բիւրոյին՝ այս մեծ եւ հայրենասիրական առաքելութեան համար:


 

Ան համոզուած է, որ այն արժէքները, ինչ-որ այս 4 օրուան ընթացքին փոխանցուած են պատանիներուն, անոնք պիտի օգտագործեն կեանքին մէջ եւ պիտի ըլլան մեր հերոսներու արժանի յետնորդները:

Ելոյթի խօսքով հանդէս եկած է նաեւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր-Խաչատուրեանը:

Իր ելոյթին մէջ Յակոբ Տէր-Խաչատուրեանը նշած է, որ թէեւ պատանիները ճաշակած են պատերազմի բոլոր դառնութիւնները, բայց այդ դառնութիւնը ոչ թէ պէտք է յուսահատեցնեն եւ կերտեն պարտուողական հոգեբանութիւն, այլ յաւելեալ վճռականութիւն՝ որ մենք կանք, պիտի ըլլանք, շատանանք ու ամէն գնով իրականացնենք մեր մեծ երազանքը:


 

Ան պատանիներուն ուժ եւ կորով մաղթած է, եւ խոստացած, որ այն ինչ-որ հարկաւոր է՝ իրենք պատրաստ են ընելու, որպէսզի պատանիները դառնան այն լիակատար հայութիւնը, որ պիտի հանդիսանան մեր վաղուայ առաջնորդները:

Վերջում պատանիները հանդես եկան գեղարվեստական ծրագրով: