image

«Սրբազան Քահանայապետին խօսքը՝ Սուրբ Իգնատիոսը հովիւ մըն է Քրիստոսի սրտին համաձայն».Արամ Գարատաղլեանի գրառումը

Յիշելով իւրաքանչիւր նոր Սուրբի,  Սրբազան Պապը առաջինը անդրադարձաւ Սուրբ  նահատակ Իգնատիոս Մալոյեան արք.ին, որ սպաննուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին, նկարագրելով զինք իբրեւ «Հովիւ մը՝ Քրիստոսի սրտին համաձայն»։ Հալածանքներու ժամանակ, ըսաւ Պապը, ան իր հօտը զօրացուց եւ ոչ թէ թողուց կամ  հեռացաւ…։ Երբ իրեն առաջարկուեցաւ ազատութիւնը՝ հաւատքը ուրանալու պայմանով, ան նախընտրեց զԱստուած՝ իր արիւնը թափելով։

Անդրադառնալով «հայ ժողովուրդին, որ խաչը կը քանդակէ քարին  վրայ իբրեւ իր անսասան ու յաւերժական հաւատքի նշան», Պապը աղօթեց, որ Ս. Իգնատիոսի բարեխօսութեամբ հաւատացեալներու եռանդը նորոգուի եւ աշխարհին մէջ վերածնի հաշտութիւն ու խաղաղութիւն»։

 Լիբանանահայ ազգային-կրթական գործիչ, Հայ Կաթողիկէ  Սուրբ Խաչ-Հարպոյեան Վարժարանի տնօրէն, Տիար  Արամ Գարատաղլեան կը գրէ՝ 

«Երկուշաբթի, 20 հոկտեմբեր 2025-ին, Նորին Սրբութիւն Պապ Լեւոն  ԺԴ․ը դիմեց ուխտաւորներուն, որոնք աշխարհի չորս ծագերէն   կ՚այցելէին՝Վատիկան՝ մասնակցելու կիրակի, 19 հոկտեմբերին, Ս. Պետրոսի հրապարակին մէջ տեղի ունեցած  սրբադասման հանդիսաւոր արարողութեանց։ Ներկայ էին նաեւ հայկական պատուիրակութիւններ՝ բազմաթիւ երկիրներէ։

 Սրբազան Քահանայապետը կիրակնօրեայ տօնը նկարագրեց իբրեւ «յիշեցում մը, որ Եկեղեցւոյ հաղորդութիւնը կը պատկանի բոլոր հաւատացեալներուն՝ տարածութեան ու ժամանակի վրայ, իւրաքանչիւր լեզուի ու մշակոյթի մէջ, միացնելով մեզ իբրեւ Աստուծոյ ժողովուրդ, Քրիստոսի մարմին եւ Սուրբ Հոգիի կեանց տաճար»։

Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց, որ նոր սրբերը իրենց ամբողջ կեանքը նուիրած են Քրիստոսի եւ մերձաւորին սիրոյն, դառնալով «փայլուն նշաններ յոյսի»։ Աւելցուց, որ սրբութեան կոչումը ընդհանուր է բոլոր հաւատացեալներուն համար։