Անցնող շաբաթավերջը Լիբանանին համար եղաւ եռուն` արտերկրի լիբանանցիներուն կողմէ երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասնակցութեան առումով:
Արտերկրի լիբանանցիները իրենց գտնուած երկիրներուն մէջ փաստեցին իրենց կապուածութիւնը Լիբանանին` նկատի ունենալով քուէարկելու իրենց խանդավառութիւնն ու անոր հիմամբ արձանագրուած համեմատութիւնը:
6 եւ 8 Մայիսին 5 ցամաքամասերու վրայ գտնուող օտար երկիրներու մէջ տեղի ունեցած ընտրութիւններուն կարելի եղաւ հետեւիլ արտաքին գործոց նախարարութեան կեդրոնատեղիէն:
Գումակային աշխատանքներն ու դասաւորումները որդեգրած նախարարութիւնը կրցաւ լաւապէս կազմակերպել երեսփոխանական ընտրութիւնները եւ հեզասահ կերպով ապահովել անոնց ընթացքը:
Արտերկրի մէջ տեղի ունեցած ընտրութիւններուն ընթացքին արձանագրուեցան հատ ու կենտ դէպքեր ու հարցեր, սակայն անոնք տեղւոյն վրայ լուծուեցան, առանց յաւելեալ բարդութիւններու:
Հիմնական հարցը ստեղծուեցաւ Տուպայի մէջ, ուր քուէարկողներու մեծ թիւ մը ժամեր շարունակ հերթի կեցաւ` քուէարկել կարենալու համար, ինչպէս նաեւ եւրոպական կարգ մը երկիրներու, յատկապէս Փարիզի ու Լոնտոնի մէջ, ուր լիբանանեան քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչներուն միջեւ հարցեր արձանագրուեցան` նկատի ունենալով, որ իւրաքանչիւր կուսակցութիւն ընտրական կեդրոններուն դիմաց ունէր իր ներկայացուցիչը, եւ գրգռութիւնները անոնց միջեւ կը պատահէին:
Այստեղ կ՛արժէ նշել, որ գրեթէ բոլոր երկիրներուն մէջ լիբանանեան աւանդական կուսակցութիւններն ու անոնց ներկայացուցիչները մեծաթիւ ներկայութիւն էին ընտրակեդրոններուն դիմաց եւ բծախնդրութեամբ կը հսկէին քուէարկութեան հոլովոյթին:
Արտերկրի լիբանանցիներուն աշխուժութիւնը իր կարգին մղիչ ուժ պիտի ըլլայ երկրին մէջ ապրող քաղաքացիներուն ուղղուելու քուէարկութեան կեդրոններ եւ կատարելու քաղաքացիական իրենց պարտականութիւնը, որուն արդիւնքին հիման վրայ է, որ պիտի կերտուի երկրին ապագան:
Ուրբաթ, 6 Մայիս 2022-ին, արտերկրի լիբանանցիները քուէարկեցին ընդհանրապէս արաբական երկիրներուն եւ այն երկիրներուն մէջ, ուր ուրբաթը արձակուրդի օր է:
Այս մասին արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ապտալլա Պու Հապիպ յայտնեց, որ 6 մայիսին 10 երկիրներու մէջ տեղի ունեցած ընտրութիւններուն մասնակցութեան ընդհանուր համեմատութիւնը հասած է 59,49 առ հարիւրի:
Պու Հապիպ դիտել տուաւ, որ կան երեք երկիրներ, ուր ընտրութիւններուն մասնակցութեան համեմատութիւնը հասած է 70 առ հարիւրի: Այդ երկիրներն են Իրանը, Պահրէյնը եւ Սուրիան:
«Իրաքի եւ Եգիպտոսի մէջ համեմատութիւնը հասաւ 50 առ հարիւրի, իսկ այլ երկիրներու մէջ` 60 առ հարիւրի», ըսաւ նախարարը` աւելցնելով, որ իւրաքանչիւր քաղաքացի, որ կը փափաքի ընտրութեան մասնակցիլ, պիտի կարենայ քուէարկել եւ ընտրական կեդրոնը անոր դիմաց պիտի չփակուի:
Իսկ երէկ` կիրակի, 8 Մայիս 2022-ին, արտերկրի լիբանանցիները քուէարկեցին Ֆրանսայի, Մեծն Բրիտանիոյ, Գերմանիոյ, Շուէտի, Պելճիքայի, Զուիցերիոյ, Իտալիոյ, Սպանիոյ, Նետերլանտներու, Դանիոյ, Աւստրիոյ, Լեհաստանի, Լիւքսամպուրկի, Հունգարիոյ, Զամպիոյ, Հարաւային Ափրիկէի, Ապու Տապիի, Տուպայի, Աւստրալիոյ, Քանատայի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ:
Մինչեւ ուշ գիշեր յստակ դարձած էր, որ Ապու Տապիի մէջ ընտրութիւններուն մասնակցողներուն համեմատութիւնը հասած էր 77 առ հարիւրի, Տուպայի մէջ` 71,41 առ հարիւրի, Գերմանիոյ մէջ` 54 առ հարիւրի, Ֆրանսայի մէջ` 70 առ հարիւրի, ափրիկեան երկիրներուն մէջ` 48,95 առ հարիւրի, Աւստրիոյ մէջ` 54,3 առ հարիւրի, Բրիտանիոյ եւ Իրլանտայի մէջ քուէարկութեան համեմատութիւնը հասաւ 75 առ հարիւրի, Կիպրոսի մէջ` 79 առ հարիւրի:
Յայտնենք, թէ Պու Հապիպ, որ անցեալ շաբաթավերջին նախատեսած էր, որ արտերկրի լիբանանցիներուն կողմէ երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասնակցութեան համեմատութիւնը պիտի հասնի 70 առ հարիւրի, երէկ երեկոյեան հաստատեց, որ արտերկրի լիբանանցիներուն քուէարկութեան համեմատութիւնը բաւական բարձր էր, եւ այս անգամ անոնց քուէները կրնան ազդեցութիւն ունենալ ընտրութիւններուն արդիւնքներուն վրայ:
Նշենք, որ տարբեր երկիրներէ քուէատուփերը «Տի. Էյչ. Էլ.» ընկերութեան ճամբով արդէն իսկ սկսած են փոխադրուիլ Լիբանան, իսկ կարգ մը երկիրներ, ուր այդ ծառայութիւնը չի գործեր, ինչպէս` Ռուսիա եւ Իրան, այդ երկիրներուն մէջ Լիբանանի դեսպաններուն հսկողութեամբ ու ընկերակցութեամբ այդ քուէատուփերը պիտի փոխադրուին Պէյրութ:
Նշենք, որ Թեհրանէն Լիբանան հասած քուէատուփերը հասան Պէյրութ, Իրանի մէջ Լիբանանի դեսպան Ապպաս Հասանի ընկերակցութեամբ:
Քուէատուփերը յանձնուեցան ներքին ապահովութեան ուժերուն, որոնք զանոնք փոխադրեցին Կեդրոնական դրամատուն:
Լուրը՝ «Ազդակ»էն (Յապաւուած):