image

Պէյրութի մէջ. «Զարեհեան դպրեվանք»ի սաները մասնակցեցան Ֆանար շրջանի հսկումին

Պէյրութի մէջ. «Զարեհեան դպրեվանք»ի սաները  մասնակցեցան Ֆանար շրջանի հսկումին

Զարեհեան Դպրեվանքի սաները իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն  հերթաբար մասնակցելով Լիբանանի տարբեր եկեղեցիներու հսկումի արարողութիւններուն: Ստորեւ կը ներկայացնենք Ֆանարի Ս. Երրորդութեան մատրան մէջ կայացած արարողութեան մասին որուն աղօթակից դարձաւ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանը։

«Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Դպրեվանք Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դիմատետրի պաշտօնական էջէն:  

Ուրբաթ, 14 Մարտ 2025-ի երեկոյեան, Դպրեվանքի սաները, գլխաւորութեամբ իրենց Տեսչական Կազմին, մեկնեցան Ֆանարի Ս. Երրորդութեան մատուռ, ուր կատարեցին հսկումի արարողութիւնը: 

Հսկումի հոգեպարար շարականներուն եւ աղօթքներուն, Դպրեվանքի սաներուն աղօթակից դարձաւ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանը։ Դպրեվանքի Տեսուչ՝ Գերպ. Տ. Պարոյր Ծ. Վրդ. Շէրնէզեան  շնորհակալութիւն յայտնեց Սրբազան Հօր, Ինչպէս նաեւ ծխատէր Քահանայ Հօր՝ Արժ. Տ. Առաքել Քհն. Տմտմեանին, թաղական խորհուրդին եւ տիկնանց միութեան, Դպրեվանքի նկատմամբ իրենց ունեցած անսահման սիրոյն եւ ցուցաբերած խոր յարգանքին համար: 

Օրուան խորհրդածութիւնը կատարեց Դպրեվանքի աւարտական դասարանի սաներէն՝ Բարշ. Հրակ Սրկ. Թաշճեան, որ իր քարոզին  բնաբանը ընտրած էր «Հա՜յր, ներէ՛ անոնց, որովհետեւ չեն գիտեր թէ ի՛նչ կ’ընեն» Աւետարանական մէջբերումը (Ղուկաս 23:34):

Հսկումի արարողութենէն ետք, Դպրեվանքի մեծ ընտանիքը սեղանակից դարձաւ եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւին, թաղականութեան եւ տիկնանց միութեան, պատրաստած սիրոյ սեղանին։ Ընթրիքի ընթացքին Դպրեվանքի տղաքը մթնոլորտը ճոխացուցին ազգային եւ հայրենասիրական երգերով։