Արտասահմանեան երկիրներու եւ սահմանային անցակէտերու մէջ 20 մայիսին բացուած են ընտրատեղամասեր, ուր Թուրքիոյ քաղաքացիները կրնան մասնակցիլ նախագահական ընտրութիւններու երկրորդ փուլի քուէարկութեան:
Թուրքիոյ Ընտրական բարձրագոյն խորհուրդը յայտնած է, որ 73 պետութիւններու մէջ բացուած է 167 ընտրատեղամաս:
Արտասահմանի եւ սահմանային անցակէտերու մէջ քուէարկութիւնը կը շարունակուի մինչեւ 24 մայիս:
Բուն Թուրքիոյ տարածքին մէջ երկրորդ փուլի քուէարկութիւնը տեղի պիտի ունենայ 28 մայիսին եւ պիտի աւարտի տեղական ժամանակով երեկոյեան ժամը 5-ին:
Երկրորրդ փուլին կը պայքարին «Արդարութիւն եւ զարգացում» իշխող կուսակցութեան առաջնորդ, գործող նախագահ Ռէճէպ Թայէպ Էրտողան եւ Ժողովրդահանրապետական կուսակցութեան առաջնորդ, ընդդիմութեան միացեալ թեկնածու Քեմալ Քըլըչտարօղլու: