image

Սպաննուած հայ գերիներու հարցով Եւրոպական Խորհուրդը տեղեկութիւններ պահանջած է Պաքուէն

Սպաննուած հայ գերիներու հարցով Եւրոպական Խորհուրդը  տեղեկութիւններ պահանջած է Պաքուէն

Եւրոպայի խորհուրդի գլխաւոր քարտուղար Մարիա Փէյչինովիչ Պուրիչը նամակով դիմած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովին՝ պարզաբանելու սպանուած հայ գերիներու հարցը:

Այս մասին հաղորդած են Եւրոպայի խորհուրդին մէջ (ԵԽ) Հայաստանի մշտական ներկայացուցչութենէն:

«Նամակով գլխաւոր քարտուղարը յստակ եւ մանրամասն տեղեկատւութիւն հայցած է Ատրպէյճանի ԱԳՆ-էն Մարդկային իրաւանց եւրոպական համաձայնագրի 2-րդ եւ 3-րդ յօդուածներու հնարաւոր խախտումներու վերաբերեալ՝ հիմնուելով հայ ռազմագերիներու արտադատական սպանութիւններու տեսագրութեան փաստի վրայ»,-ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Գլխաւոր քարտուղարը նաեւ նշած է, որ Մարդկային իրաւանց եւրոպական համաձայնագրով նախատեսուած մանթատի ծիրէն ներս Եւրոպայի խորհուրդը հետեւողական պիտի ըլլայ այս հարցով՝ կազմակերպութեան չափանիշերը լիովին ապահովելու նպատակով: