image

Սիւնիքի կարեւորութիւնը. Կարեւոր տուեալներ նաեւ տնտեսութեան տեսակէտէ

Սիւնիքի կարեւորութիւնը. Կարեւոր տուեալներ նաեւ տնտեսութեան տեսակէտէ

Հայաստանի լեռնային կարեւորագոյն գօտին՝ Սիւնիքը (կամ Սիւնեաց աշխարհը) կը շարունակէ մնալ շրջանային ուժերու ուշադրութեան կեդրոն։

 Իր պատմական անցեալով, դիմադրողականութեամբ եւ հերոսական անցեալ կերտած որդիներու ժառանգութեամբ Սիւնիքը, ոչ միայն բարձրադիռ լեռնային աշխարհ է այլ ունի նաեւ տնտեսական կարեւոր եզրագիծ կազմած հանքարդիւնաբերութիւն։

 Մեր ժողովուրդի արդի պատմութեան մէջ եւս Սիւնիքը կարողացած է խաղալ մեծ դեր։

 Անկոտրելի կամքի կողքին, հայկական լեռնաշխարհի բնակչութիւնը փաստացիօրէն դարձած է իրական հայելին աշխատանքի եւ աշխատասիրութեան։

 Քարէն հաց արտադրելու եւ մայր բնութեան տուած առատ բերքը կեանքի եւ կենսունակութեան օրինակ դարձնելու հոլովոյթը անցած է դարաւոր պատմութիւնէ, հասնելով մեր այս օրուան եւ կայմելով Հայաստանի երեսուն տարուան անկախութեան հիմնարար ուղիները։

 Այս բոլորի կողքին Սիւնիքը, ինչպէս վերը նշեցինք այսօր իր ուրոյն տեղն ունի, ոչ միայն Հայաստանի եւ հայութեան, այլ շրջանի ազդեցիկ տէրութեանց համար եւ այդ առումով կարեւորագոյն օղակ կը համարուի հանքարդիւնաբերութեան ոլորտը, որ հրապարակուած տուեալներով կը շարունակէ ապահովել Սիւնիքի տնտեսութեան աճի եւ հզօրացման 51 տոկոսը։ 

Այս բոլորն աւելիով ամրագրելու նպատակով եւ խօսելու տնտեսական տուեալներու ստոյգ լեզուով ստորեւ կը ներկայացնենք ՝ տնտեսագէտ, Modex խորհրդատուական ընկերութեան տնօրէն Հայկազ Ֆանեանի հետ վերջերս կատարուած զրոյցը։

Ֆանեան կը նշէ՝ 

Հանքարդիւնաբերութիւնը մեր ՀՆԱ-ի (Համախառն ներքին արդիւնքի) մէջ արդէն իսկ առանցքային դեր կը կատարէ եւ, ըստ էութեան, իր հետ կը զարգացնէ բազմազան ոլորտներ։ Ատոր վառ օրինակներէն մէկը «Զանգեզուրի Պղնձամոլիպտենային Գործարան»ն (ԶՊՄԿ) է։ Սիւնիքի մարզի ՀՆԱ-ի կառուցուածքին մէջ կէսէն աւելին բաժին կը հասնի հանքագործական արդիւնաբերութեան։ Ի հարկէ, այս պարագային ոչ միայն ԶՊՄԿ-ն է, այլեւ Կապանի ու Ագարակի հանքավայրերը, սակայն ԶՊՄԿ-ն ամենամեծն է։ 

Անցեալ տարուան վիճակագրական տուեալներով` ՀՆԱ-ի կառուցուածքին մէջ 9 ամսուան կտրուածքով հանքարդիւնաբերութեան մասնաբաժինը կազմած է մօտ 3 տոկոս։ Օրինակ՝ ոչ մետաղականներու պարագային՝ եթէ նայինք, նախ աւազ պէտք է ըլլայ, որ պիտի դառնայ ապրանքային պեթոնի, որուն հիման վրայ ալ արդէն կարելի կ՚ըլլայ շինարարութիւն իրականացնել։ Այսինքն, ապրանքային պեթոնի արտադրութիւնը, բանելներու (Երկաթպեթոնէ սալ՝ հաւաքովի շինարարութեան համար) արտադրութիւնը, կարելի է ըսել, ուղիղ հիմնուած է հանքագործական արդիւնաբերութեան արտադրանքին վրայ։ Առանց այդ հումքի՝ շինարարական արդիւնաբերութիւնը անկարելի կ՚ըլլար։Միեւնոյն ժամանակ, հանքարդիւնաբերութեան ազդեցութիւնը ազդակիր համայնքներու վրայ տակաւին հաշուի առնուած չէ. Սիւնիքի մարզի ՀՆԱ-ի կէսէն աւելին՝ 51,7%-ը, կ՚ապահովէ հանքագործական արդիւնաբերութիւնը։ Ասոնք պաշտօնապէս վիճակագրութեան կոմիտէի կողմէ հրապարակուած 2022 թուականի տուեալներն են, որ շատ-շատ բարձր ցուցանիշ է։ Պատկերացուցէք՝ տնտեսութեան կէսը հանքագործական արդիւնաբերութենէն կախեալ է։

 

 Նիւթը հրապարակման պատրաստեց՝ «Արեւելք»ը

 Օգտուած ենք՝ «Իրաւաբան.ամ» կայքի հրապարակումէն։