image

Շիշլիի քաղաքապետութիւնէն նեցուկ՝ շրջանի հայոց գերեզմանատուներուն

Շիշլիի քաղաքապետութիւնէն նեցուկ՝ շրջանի հայոց գերեզմանատուներուն

Օրերս, Շիշլիի Քաղաքապետական Խորհուրդի անդամ եւ մշակոյթի բաժնի պատասխանատու՝ Թալին Կազէր-Էրկիւնէշի գլխաւորած պատուիրակութիւնը այցելած է շրջանի հայոց գերեզմանատուներ եւ ծանօթացած կարիքներուն։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝

Շիշլիի քաղաքապետութիւնը՝ Ռեսիւլ Էմրահ Շահանի ղեկավարութեան ներքեւ կը շարունակէ իր արդիւնաւէտ աշխատանքը։ Վերջին քանի մը օրերու ընթացքին Քաղաքապետական Խորհուրդի անդամ եւ մշակոյթի բաժնի պատասխանատու՝ Թալին Կազէր-Էրկիւնէշ, իր քով ունենալով զբօսարաններու եւ պարտէզներու տնօրէն Մելիքէ Աւճըն եւ մաքրութեան գործերու տնօրէն Իզզէթ պէյը, այցելեց փոքրամասնական բոլոր գերեզմանատուները, որոնք են Մեճիտիյէգիւղի յունաց գերեզմանատունը, հայ կաթողիկէ գերեզմանատունը, Շիշլիի հայոց գերեզմանատունը, Բանկալթըի Լատին Կաթոլիկ գերեզմանատունը, Ֆէրիգիւղի պուլկար գերեզմանատունը, Ֆէրիգիւղի Այա Լէֆթէր յունաց գերեզմանատունը։

Տիկին Թալին Կազէր պատասխանատուներուն հետ հանդիպումներու ընթացքին նախ տեղեկացաւ կարիքներու եւ փափաքներու մասին, յետոյ անհրաժեշտ հրահանգները տալով, շարժման անցուց Քաղաքապետութեան պատասխանատուները, որպէսզի շուտով պէտք եղած ձեւակերպութիւնները կատարուին եւ պակասները լրացուին։

Փոքրամասնական գերեզմանատուներու վարչութիւնները իրենց գոհունակութիւնը յայտնեցին Տիկին Թալին Կազէր-Էրկիւնէշին՝ հոգածութեան եւ արդիւնաբեր գործունէութեան համար։