Շատ պարագաներու Իրանի կոշտ դիրքորոշումն է, որ մեզի օգնած է պահպանելու մեր տարածքային ամբողջականութիւնը։ Այս մասին Ազգային ժողովէն ներս լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարած է «Ուժեղ Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Նարեկ Կարապետեան՝ Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպան Խալիլ Շիրղոլամիի հետ հանդիպումէն ետք։
Այսօր՝ 12 հոկտեմբերին, խորհրդարանին մէջ նախատեսուած էին Իրանի դեսպանին հանդիպումները ընդդիմադիր երկու խմբակցութիւններուն հետ։
«ԹՐԻՓՓ-ին անդրադարձ եղել է, սակայն չեմ կարող հանրայնացնել, թէ ինչ ձեւաչափով:
Իրանի Իսլամական պետութիւնը մեր հարեւան երկիրն է, բարեկամ երկիրն է, նրա կարծիքը մեզ համար շատ կարեւոր է, քանի որ շատ տեղեր հենց Իրանի կոշտ դիրքորոշումն է մեզ օգնել՝ պահպանելու մեր տարածքային ամբողջականութիւնը»,-ըսած է ան: