image

Անժել Չէմպէրճեանի յիշատակին՝ 1491-ի շարակնոցը` Մաշտոցեան Մատենադարանին․ Լուսանկարներ

Անժել Չէմպէրճեանի յիշատակին՝ 1491-ի շարակնոցը` Մաշտոցեան Մատենադարանին․ Լուսանկարներ

Ինչպէս տեղեկացուցած էինք՝ վերջերս մահկանացուն կնքած էր բժշկ. Անժել Չէմպէրճեան (ծնեալ Յարութիւնեան)՝ իր ետին թողլով ազնիւ, համեստ եւ առաքինի հայուհիի մը բարի ու լուսաւոր յիշատակը։

Հանգուցեալը իր ամբողջ կեանքին ընթացքին իր համեստութեամբ, նուիրուածութեամբ եւ մարդկային բարձր յատկանիշներով արժանացած էր շրջապատին սէրին ու յարգանքին։ Ան ազգային բարերար Տիար Գաբրիէլ Չէմպէրճեանի արժանաւոր կողակիցն էր եւ տարիներ շարունակ իր մասնակցութիւնը բերած էր ազգային, եկեղեցական ու բարեսիրական նախաձեռնութիւններու։

Անժել Չէմպէրճեանի յիշատակը, սակայն, պիտի շարունակէ ապրիլ նաեւ մշակութային ժառանգութեան պահպանման ու փոխանցման մէջ։ Իր կնոջ յիշատակին, սիրիահայ գործարար եւ բարերար Գաբրիէլ Չէմպէրճեան Մատենադարանին ընծայաբերած է 1491 թուականին գրչագրուած արժէքաւոր Շարակնոց մը։

Մատենադարանի ձեռագրական գանձարանի համալրման այս նոր ընծայաբերումը ուշագրաւ է նաեւ իր պատմական եւ ձեռագրագիտական նշանակութեամբ։

Նոր ձեռագրական միաւորը խազագրեալ Շարակնոց մըն է, որ գրչագրուած է Բաղէշի Ամ գիւղին մէջ՝ Յովհաննէս քահանայ գրիչի ձեռքով։ Մինչեւ օրս ձեռագրական աղբիւրներուն մէջ Ամ գիւղը յիշատակուած էր միայն մէկ անգամ եւ առանց յստակ տեղորոշման։

Նոյն գիւղին մէջ, 1497 թուականին, դարձեալ Յովհաննէս գրիչ ընդօրինակած է Աւետարան մը, որ նոյնպէս կը պահուի Մատենադարանին մէջ։

Մատենադարանին ընծայուած այս նոր մատեանը, փաստօրէն, ոչ միայն նոյն գիւղին մէջ միեւնոյն գրչին ստեղծած մեզի յայտնի ամենավաղ նմոյշն է, այլեւ միակ ձեռագիրը, որուն գլխաւոր յիշատակարանին մէջ Յովհաննէս գրիչը ստոյգ կը տեղորոշէ Ամ գիւղը՝ Բաղէշ գաւառին մէջ։

Սոյն ձեռագիրը բացահայտուած էր Մատենադարանի տնօրէնին Վիեննա կատարած պատուիրակութեան այցին ժամանակ։

Անժել Չէմպէրճեանի յիշատակին կատարուած ընծայաբերումը կը համալրէ Մատենադարանի ձեռագրական գանձարանը եւ միաժամանակ նոր վկայութիւն մը կը բերէ միջնադարեան հայկական ձեռագրական մշակոյթի աշխարհագրութեան վերաբերեալ։

Մատենադարանը իր երախտագիտութիւնը յայտնած է Գաբրիէլ Չէմպէրճեանին՝ այս արժէքաւոր ընծայաբերման եւ հայ ձեռագրական ժառանգութեան համալրման գործին մէջ ունեցած ներդրումին համար։

Այս նուիրաբերումը կատարուած է Բժշկ. Անժել Չէմպէրճեանի մահուան քառասունքէն օրեր անց։