Փետրուար 26-ին, Հունգարիոյ Պալաթոնալմատի քաղաքին մէջ, Հայաստանի Գեղարքունիքի մարզի Սեւան համայնքի ղեկավարի տեղակալ Արման Յարութիւնեան եւ նոյն քաղաքի քաղաքապետ Լասլօ Պերչենյի ստորագրած են զուգորդութեան յուշագիր մը։
Ստորագրութեան պաշտօնական արարողութեան մասնակցած է նաեւ Հունգարիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Սմբատեան։ Վերջինս իր բացման խօսքին մէջ ընդգծած է երկու երկիրներու միջեւ ապակեդրոնացուած համագործակցութեան զարգացման եւ նշեալ քաղաքներու բնակիչներու միջեւ կապերու ընդլայնման կարեւորութիւնը։
Լուրը՝ «Նոր Յառաջ»էն