«Տաշիր» ընկերութիւններու խումբի սեփականատէր Սամուէլ Կարապետեանը պիտի մնայ կալանքի տակ։ Վերաքննիչ դատարանը առաջին ատեանի որոշումն ուժի մէջ պահած է։ Տեղեկութիւնը յայտնած են դատական բաժանմունքէն։
Յունիս 18-ին Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան քրէական դատարանը որոշում կայացուցած է Սամուէլ Կարապետեանը կալանաւորելու երկու ամիսով:
Յունիս 19–ին Սամուէլ Կարապետեանի պաշտպանները վերաքննիչ բողոք ներկայացուցած էին՝ դէմ արտայայտուելով կալանքի վերաբերեալ առաջին ատեանի դատարանի որոշման։ Գործը մակագրուած էր դատաւոր Արմէն Դանիէլեանին, որմէ ետք պաշտպանական կողմը որոշած էր հրաժարիլ բողոքէն՝ հիմնաւորելով այդ դատաւորի վերաբերեալ տարիներ շարունակ գոյութիւն ունեցող բացասական գնահատականներով։ Անոնք ընդգծած էին, որ Դանիէլեանը յաճախ յայտնուած է բացարկի միջնորդութիւններու կեդրոնը եւ դատական համակարգում ունի նուազ վստահութիւն։ Հակառակ բողոքի ետ կանչման, դատաւորը գործը շարունակած է քննութեան առնել եւ այն չէ կարճած։