image

Սամիր Ժաաժա դէպի դատարա՞ն

 Սամիր Ժաաժա դէպի դատարա՞ն

 

Յիշեցնենք, որ այդ մասին «Արեւելք» մանրամասն գրած էր նշելով նաեւ, որ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին թղթածրարին ուղղութեամբ աշխատող դատախազ Թարէք Պիթարի անուան շուրջ ստեղծուած սուր տարակարծութիւնը պատճառ հանդիսած էր արիւնալի օրուան մը, որուն հետեւանքով «Հըզպալլա»ի եւ «Ամալ» շարժումի միջավայրին (եւ նոյնիսկ անդամ) վեց անձեր զոհուած էին բաւական մեծ լարում ստեղծելով Լիբանանի ամբողջ տարածքին

 

Լիբանանի մէջ կարեւոր զարգացումով մը դատական հայց ներկայացուցած է «Լիբանանեան ուժեր» կուսակցութեան նախագահ ՝ Սամիր Ժաաժայի դէմ։

 

Լիբանանեան լրասփիւռներ կը նշեն, որ հայցը կապ ունի անցեալ տարի (հոկտեմբեր 20216-ին)«Թայունէ» շրջանին մէջ տեղի ունեցած հրաձգութիւններու թղթածրարին հետ։ 

Յիշեցնենք, որ այդ մասին «Արեւելք» մանրամասն գրած էր նշելով նաեւ, որ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին թղթածրարին ուղղութեամբ աշխատող դատախազ Թարէք Պիթարի անուան շուրջ ստեղծուած սուր տարակարծութիւնը պատճառ հանդիսած էր արիւնալի օրուան մը, որուն հետեւանքով «Հըզպալլա»ի եւ «Ամալ» շարժումի միջավայրին (եւ նոյնիսկ անդամ) վեց անձեր զոհուած էին բաւական մեծ լարում ստեղծելով Լիբանանի ամբողջ տարածքին։

 Ի դէպ կարգ մը քաղաքական վերլուծաբաններ Ժաաժային դէմ ներկայացուած դատական հայցը կը համարեն նախքան խորհրդարանական ընտրութիւնները միաւորներ կուտակելու փորձ մը, «նեղ կացութեան» մատնելով նշեալ կուսակցութիւնը։

 «Լիբանանեան ուժեր» որ այսօրուան կտրուածքով կը համարուի Լիբանանի քրիստոնէական փողոց»ի կարեւորագոյն խաղացողներէն մին կը յաւակնի յառաջիկայ ընտրութիւններուն աւելիով ամրապնդել իր դիրքերը եւ աւելցնել իր երեսփոխաններուն (այդ կուսակցութիւնը ներկայիս ունի 15 անդամներ խորհրդարանին մէջ) ընդհանուր թիւը։