image

Լարուած իրավիճակ Պէյրութի մէջ. Կրակոցներ, վիրաւորներ եւ 1 զոհ

  Լարուած իրավիճակ Պէյրութի մէջ. Կրակոցներ, վիրաւորներ եւ  1 զոհ

 Այսօր առաւօտեան  կանուխ ժամերէն սկսեալ  լարուած իրավիճակ կը տիրէ Պէյրութի արուարձանային շրջաններուն մէջ։

 

 Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց լիբանանեան լրասփիւռներէ։

 

 Ըստ RLL  կայանին մեծ լարում յառաջացած է մասնաւորապէս Թայունի շրջանին մէջ, ուր գրանցուած է կրակոց, կան վիրաւորներ եւ  ինկած է մէկ զոհ։

 

 Մինչեւ այս պահը յայտնի չէ, որ  որ կողմերուն միջեւ է  լարումը եւ  ապա եղած կրակոցը, սակայն ինչպէս նախատեսուած էր  երկրի շիիթ  կուսակցութեանց  անդամներ եւ  համակիրներ որոշած էին այսօր  հաւաքուիլ  «Արդարադատութեան պալատ»ին շուրջ պահանջելու համար դատախազ Թարէք Պիթարի    իրեն վստահուած  թղթածրարէն հեռացումը։

 

 Պիթար, որ ստանձնած է  քննել Պէյրութի աղէտալի պայթումին թղթածրարը,  մասնաւորապէս «Հըզպալլա»ի շրջանակներուն կողմէ մեղադրուած է ամերիկեան պատուէր կատարելու ու նաեւ  իրեն վստահուած թղթածրարը քաղաքականացնելու մէջ։

 

  «Արեւելք» պիտի  շարունակէ  հետեւիլ   զարգացումներուն։