image

Սահմանային հարց. Փութին կարեւորեց փոխզիջումները

Սահմանային հարց. Փութին կարեւորեց փոխզիջումները

Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութին անդրադարձած է Հարաւային Կովկասի մէջ ստեղծուած իրավիճակին՝ նշելով, որ Հայաստանը եւ Ատրպէյճանը կրնան լուծել սահմանի հարցը խորհրդային շրջանի քարտէզներու հիման վրայ, սակայն այդ գործընթացը փոխզիջումներ կը պահանջէ:

«Այժմ ամենակարեւորը սահմանին իրավիճակի կարգաւորումն է: Եւ այստեղ, ի հարկէ, առանց Ռուսաստանի մասնակցութեան ոչինչ հնարավոր է ընել: Այստեղ նոյնիսկ մեզի, թերեւս, ուրիշ ոչ ոք պէտք է, բացի երկու կողմերէն ու Ռուսաստանէն։ Ինչո՞ւ: Այստեղ շատ պարզ, գործնական բաներ կան։ Այո՛, քանի որ ռուսական բանակի գլխաւոր շտաբին մէջ կան քարտէզներ, որոնք ցոյց կու տան, թէ ինչպէս անցած է միութենական հանրապետութիւններու սահմանը խորհրդային շրջանին: Այնտեղ բաներ կան, որոնք նոյնպէս փոխզիջումներ կը պահանջեն՝ ինչ-որ տեղ ինչ-որ բան հարթեցնել, ինչ-որ տեղ ինչ-որ բան փոխանակել: Միայն այնպրս, որ այդ ճանչցուի, հասկնալի ըլլայ, որ այդ ձեռնտու է երկու կողմերուն ալ», ըսած է Փութին: