image

Ռուսիոյ եւ Արեւմուտքին միջեւ «երկաթէ վարագոյրը» արդէն կ'իջնէ. Լաւրով

Ռուսիոյ եւ Արեւմուտքին միջեւ «երկաթէ վարագոյրը» արդէն կ'իջնէ. Լաւրով

Ռուսիոյ եւ Արեւմուտքին միջեւ «երկաթէ վարագոյրը» արդէն կ'իջնէ: Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործերու նախարար Սերգէյ Լաւրով:

«Ինչ կը վերաբերի «երկաթէ վարագոյրին», ապա ես համաձայն եմ Վլատիմիր Վլատիմիրովիչի (Մաքէյ, Պելառուսիոյ ԱԳՆ ղեկավար) հետ, այն գործնականին մէջ արդէն կ'իջնէ», ըսած է Լաւրով:

Ռուսիոյ արտաքին գործերու նախարարը նշած է, որ 2014 թուականէն ի վեր Ռուսիոյ եւ ԵՄ-ի միջեւ յարաբերութիւններ, ըստ էութեան, գոյութիւն չունին:

«Բայց մենք երբեք չենք փակուիր: Կրնամ միայն ըսել, որ այսուհետ մենք ո՛չ ամերիկացիներունն, ո՛չ ԵՄ-ին պիտի վստահինք, պիտի ընենք անհրաժեշտ ամէն ինչ, որպէսզի անոնցմէ կախուած չըլլանք կարեւոր ոլորտներուն մէջ», ըսած է Լաւրով: