image

Ռուսիան Ուքրանիոյ մէջ ունի աւելի քան 350,000 զոհ եւ վիրաւոր. Սթոլթընպերկ

Ռուսիան Ուքրանիոյ մէջ ունի աւելի քան 350,000 զոհ եւ վիրաւոր. Սթոլթընպերկ

ՆԱԹՕ-ի գնահատականներով՝ Ռուսիոյ կորուստներն Ուքրանիոյ դէմ պատերազմին վերջին շրջանին զգալիօրէն աճած են, որու մասին Պրիւքսէլի մէջ յայտարարած է ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթընպերկը։  Այս մասին գրած է dw.com-ը:

Անոր հնչեցուցած տեղեկատւութեան համաձայն՝ արեւմտեան հետախուզական ծառայութիւնները կ՚ենթադրեն, որ սպանուած եւ վիրաւոր ռուս զինուորներու թիւը գերազանցած է 350 հազարը։

Ընդհանուր քարտուղարի խօսքով՝ Ռուսիան շատ բարձր գին կը վճարէ «փոքր» տարածքային նուաճումներու համար։

ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղարն այս անգամ առանձին չէ նշած ռուսական կողմի զոհերու թիւը։

2023 թուականի նոյեմբերի վերջը դաշինքը յայտարարած էր, որ Ռուսիոյ Դաշնութեան զոհերու թիւը կը գերազանցէ 100,000-ը:

Ուքրանիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան տուեալներով՝ մարտ 14-ի դրութեամբ Ուքրանիոյ դէմ պատերազմի ընթացքին զոհուած զինուորականներու թիւը կը կազմէ 427 840 մարդ։ Ռուսական կողմն իր կորուստներու մասին ճշգրիտ տեղեկատւութիւն չի հաղորդեր։