Ռուսիան նպատակայարմար չի համարեր Եւրոպական երկիրներու մասնակցութիւնը Ուքրանիոյ հարցով բանակցային գործընթացին։ Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքովը։
«Գիտէք, որ Եւրոպացիներէն եղած են ազդակներ, թէ իրենք, իբր, կ՚ուզեն իրենց տեղը զբաղցնել ուքրանական կարգաւորման թեմայով բանակցութիւններու սեղանին շուրջ, ինչը մենք անհրաժեշտ եւ նպատակայարմար չենք նկատեր»,– ըսած է Փեսքովը լրագրողներուն։