image
Հրատապ լուրեր:

ԱՄՆ-ն եւ Ռուսիան կրնան Մայամիի մէջ Ուքրանիոյ շուրջ բանակցութիւններ վարել հանգստեան օրերուն

ԱՄՆ-ն եւ Ռուսիան կրնան Մայամիի մէջ Ուքրանիոյ շուրջ բանակցութիւններ վարել հանգստեան օրերուն

Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ Դաշնութեան պատուիրակութիւնները կրնան ուքրանական կարգաւորման շուրջ բանակցութիւններ կայացնել առաջիկայ հանգստեան օրերուն, Ֆլորիտայի մէջ: «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այդ մասին հաղորդած է Politico-ն՝ յղում ընելով աղբիւրներու։

«Կը սպասուի, որ Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ Դաշնութեան ներկայացուցիչներն այս հանգստեան օրերուն պիտի հանդիպին Մայամիի մէջ՝ Թրամփի վարչակազմի կողմէ Քիեւի եւ Մոսկուայի միջեւ հակամարտութիւնը դադրեցնելու փորձերու շրջածիրէն ներս»,-ըսուած է յօդուածին մէջ։

Ատոր հետ մէկտեղ հրատարակութիւնը կ՚ընդգծէ, որ ծրագիրները դեռ կրնան փոխուիլ։ Ֆլորիտայի մէջ բանակցութիւնները կայանալու պարագային ամերիկեան կողմը կը ծրագրէ ներկայացնել վերջերս Պերլինի մէջ Միացեալ Նահանգներու, Ուքրանիոյ եւ Եւրոպայի երկիրներու ներկայացուցիչներու միջեւ տեղի ունեցած բանակցութիւններու արդիւնքները։

Politico-ի տեղեկատւութեան համաձայն՝ ռուսական կողմը, ինչպէս կը սպասուի, պիտի ներկայացնէ Ռուսիոյ նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Քիրիլ Տմիթրիեւը։ Կը ծրագրուի, որ Միացեալ Նահանգներէն ներկայ պիտի ըլլան երկրի նախագահի յատուկ բանագնաց Սթիւ Ուիթքոֆը եւ Թրամփի փեսան՝ Ճարետ Քուշները։