image

Ռուսիան ՀՀ քաղաքացի վարորդները կ՚արտաքսէ․ նախարարը կը վստահեցնէ՝ կը զբաղուին խնդրով

Ռուսիան ՀՀ քաղաքացի վարորդները կ՚արտաքսէ․ նախարարը կը վստահեցնէ՝ կը զբաղուին խնդրով

Դէպի Ռուսիա եւ հակառակ ուղղութեամբ բեռնափոխադրում իրականացնող վարորդներն այսօր բողոքի ցոյց կատարած են Կառավարութեան շէնքի դիմաց։ Անոնք ահազանգած են, որ Ռուսիոյ Դաշնութիւնը իրենցմէ շատերը արտաքսած է երկրէն՝ տարբեր ժամկէտներով։ Պատճառը Ռուսիոյ օրէնսդրական նոր փոփոխութիւններն են, ըստ որու ոչ վիզային ռեժիմի երկիրներու քաղաքացիները, որոնք Ռուսիոյ Դաշնութիւն մուտք կը գործեն ոչ աշխատելու նպատակով, այսինքն՝ տեղափոխութեան քարտին մէջ այցի նպատակը բաժնին մէջ աշխատանք չեն նշեր, անոնք նախորդ տարուան 180 օրուան փոխարէն այլեւս օրացուցային տարուան ընթացքին Ռուսիոյ Դաշնութիւն կրնան գտնուիլ գումարային 90 օր: Այսինքն՝ ժամկէտը երկու անգամ  կրճատուած է՝ համաձայն այս փոփոխութեան, որ կը վերաբերի նաեւ ուղեւորա եւ բեռնափոխադրում իրականացնողներուն։

Վարորդները կը պահանջեն, որ Կառավարութիւնը ռուսական կողմի հետ բանակցի այնտեղ գտնուելու 90-օրուան արգելքը հանելու համար:

«‎Օրը 10-15 վարորդի արտաքսում են Վերին Լարսից։ Երէկ երեկոյեան քնած ժամանակ բեռնատարների դուռը ծեծել են՝ տարել, հինգ տարով մարդկանց արտաքսել են։ Արտաքսման հիմնաւորման մէջ նշում են, որ 90 օրից աւելի են մնացել»,-ըսած են ցոյց իրականացնող բեռնատարներու վարորդները։

Վարորդները նշած են, որ իւրաքանչիւր բեռնափոխադրումը 20-25 օր կը տեւէ։ Լարսի անցակէտի փակուելու պարագային օրերը կ՚երկարին, իսկ վարորդներու համար տարուան ընթացքին 90 օրը չի բաւարար 2-3-էն աւելի բեռնափոխադրում իրականացնել։

Ցոյցի մասնակիցներուն մօտեցած է տնտեսութեան նախարար Գէորգ Պապոյեանը։ Ան վարորդներուն վստահեցուցած է, որ ամենաբարձր մակարդակով ԵԱՏՄ-ի մէջ կը զբաղին խնդրով։ Նախարարը յոյս յայտնած է, որ խնդիրը պիտի լուծուի։

«Հաւաստիացնում եմ ձեզ, որ առանց այս ցոյցի էլ, այս մի շաբաթ է զբաղւում ենք ու շարունակելու ենք զբաղուել այնքան, մինչեւ կարողանանք հասնենք այնպիսի լուծման, որ այդ հարցը ինչ-որ կերպ լուծուի, որովհետեւ ես էլ եմ, ուղիղ ասում եմ ձեզ, ես էլ գիտեմ, որ 90 օրը մեր պարագայում չաշխատող տարբերակ է, որովհետեւ 90 օր մենակ դուք Վերին Լարսում կարող է կանգնեք տարուայ մէջ։ Եթէ ոչ աւելի»,-ըսած է նախարարը։