Անցեալ գիշեր Ռուսիա Ուքրանիոյ վրայ յարձակած է 174 անօդաչու թռչող սարքով եւ երկու «Ցիրկոն» հրթիռով։ Ուքրանիոյ ռազմաօդային ուժերու տուեալներով՝ խոցուած է 141 անօդաչու թռչող սարք։ Այս մասին «Թելեկրամ»ի իր էջին վրայ գրած է Օտեսայի մարզի նահանգապետ Օլէկ Քիփըր։
«Անօդաչու թռչող սարքը հարուածած է վարչական շէնքի, որ նախորդ օրն ալ յարձակման ենթարկուած էր», նշած է ան։
Հրդեհ բռնկած է, սակայն զոհերու մասին տեղեկութիւններ չեն հաղորդուած։
Ուքրանիոյ «ՏԹԷՔ» ուժանիւթային ընկերութեան մամլոյ ծառայութիւնը յայտնած է, որ Օտեսայի մարզի ելեկտրական ցանցերուն դէմ ռուսական յարձակման հետեւանքով աւելի քան 178,000 ընտանիք մնացած է առանց ելեկտրականութեան։
Քիեւի մարզի ղեկավար Տիմուր Թքաչենքօ յայտնած է մարզի չորս շրջաններուն մէջ պահեստներու ուղղութեամբ հարուածներու մասին։ Ան նաեւ նշած է արտադրական կառոյցի, կառաժի, ինքնաշարժներու եւ բնակելի շէնքի մը վնասներու մասին։
Վերջին 24 ժամերուն ընթացքին Ուքրանիոյ երեք մարզերուն մէջ ռուսական հարուածներու հետեւանքով զոհուած է ութ քաղաքացիական անձ, իսկ 30-էն աւելի մարդ վիրաւորուած է։