Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Ս. Արք. Աշգարեան, ազգային պատուիրակութեան ընկերակցութեամբ, այցելած է Հասիչէի նահանգապետ Նուր ալ-Տին Ահմատին։ Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են շրջանի ներկայ իրավիճակին վերաբերող հարցեր՝ շեշտադրելով Սուրիոյ հասարակութեան բոլոր բաղադրիչներուն միջեւ խաղաղ համակեցութեան եւ համագործակցութեան կարեւորութիւնը։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի դիմատետրի պաշտօնական էջէն։
Ստորեւ կատարուած լրատւութիւնը՝
Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, Երկուշաբթի, 5 Հոկտեմբեր 2026-ին, ազգային պատուիրակութեամբ այցելութիւն տուաւ Հասիչէի Նահանգապետ երկրչփ. Նուր ալ-Տին Ահմատին, նահանգապետարանէն ներս։ Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ Նահանգապետի Փոխանորդ Տիար Ահմատ ալ-Հիլալի եւ Հասիչէ նահանգի ներքին ապահովութեան պատասխանատու Տիար Մարուան ալ-Ալի։
Սրբազան Հօր պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեան, Արժ. Տ. Պսակ Քհնյ.Պէրպէրեան, Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովի անդամներ, Ս. Յակոբ եւ Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցիներու թաղական խորհուրդները։
Հանդիպումին արծարծուեցան ներկայ իրավիճակին առնչուող զանազան հարցեր, շեշտելով Սուրիոյ ժողովուրդի բոլոր բաղադրիչ տարրերու խաղաղ գոյակցութեան եւ համագործակցութեան անհրաժեշտութիւնը։
Սրբազան Հայրը համագործակցութեան ոգիով յաջողութիւն մաղթեց Հասիչէի Նահանգապետին եւ պայծառ օրեր՝ Ճեզիրէի ժողովուրդին։




