image

Ռուսիան այս փուլին պատրաստ չէ բանակցութիւններու. Լաւրով

Ռուսիան այս փուլին պատրաստ չէ բանակցութիւններու. Լաւրով

Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութին յստակ ըսած է, որ Քուրսքի շրջանի տարածք ներխուժելու փորձերէն յետոյ Քիեւի հետ որեւէ բանակցութիւններու մասին խօսք չի կրնար ըլլալ։

Այս մասին ըսած է Ռուսիոյ Դաշնութեան Արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրով։

«Նախագահն այդ մասին շատ յստակ ըսած է, որ այն բանէն յետոյ, երբ սկսան յարձակումները Քուրսքի շրջանին վրայ, եւ նոյնիսկ ոչ թէ յարձակումները, այլ ներխուժումը Քուրսքի շրջանի տարածք, որեւէ բանակցութիւններու մասին խօսք չի կրնար ըլլալ», - նշած է Լաւրով:

«Նախագահը նաեւ շատ կարեւոր արտայայտութիւն ըսած է, որուն վրայ ես կը ցանկայի ուշադրութիւն հրաւիրել, որ մենք, անշուշտ, քիչ մը աւելի ուշ գնահատական պիտի տանք այս իրավիճակին»,-ըսած է ան: