Խրիմի նկատմամբ ոտնձգութեան որեւէ փորձ պիտի գնահատուի որպէս պատերազմի յայտարարութիւն Ռուսիոյ, իսկ եթէ այդ ընէ ՆԱԹՕ-ի կազմին մէջ մտնող որեւէ երկիր, այդ պիտի նշանակէ հակամարտութիւն ամբողջ Հիւսիսատլանտեան դաշինքին հետ, որ փաստացի պիտի ըլլայ Երրորդ համաշխարհային պատերազմ: Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ ԱԽ փոխնախագահ Տմիթրի Մետվետեւ:
Մոսկուայի հետ փոխյարաբերութիւններուն մէջ լարուածութեան սրումը անմիտ է եւ թանկ գործ է, ինչի մասին կը վկայէ տասնամեակներու փորձը: Մետվետեւի խօսքով` օգնութիւն ցուցաբերելով Լուկանսքի եւ Տոնեցքի Ժողովրդական Հանրապետութիւններուն, Ռուսիան պայքար կը մղէ ոչ թէ ուքրանացի ժողովուրդին, այլ՝ նացիստներուն դէմ, որոնք երկար տարիներ ահաբեկած են Տոնպասի հանրապետութիւններուն բնակչութիւնը: