image

Ռուսերը կ՚օգտագործեն Թուրքիան. Ամերիկացի պաշտօնատար

Ռուսերը կ՚օգտագործեն Թուրքիան. Ամերիկացի պաշտօնատար

Ռուսերը փորձած են օգտագործել Թուրքիան՝ Ուքրանիա Ռուսաստանի ներխուժումէն ետք ԱՄՆ-ի եւ այլ երկիրներու կողմէ սահմանուած պատժամիջոցները շրջանցելու համար։ Այս մասին յայտարարած է ԱՄՆ ֆինանսներու փոխնախարար Ուոլլի Ատէյէմըն:

ԱՄՆ ֆինանսներու փոխնախարարը թուրք գործընկեր Եունուս Էլիթաշի հետ հեռախօսազրոյցի ժամանակ ընդգծած է ողջ քաղաքակիրթ աշխարհի ջանքերը՝ Ռուսիոյ Դաշնութեան դէմ նոր պատժամիջոցներ սահմանելու ուղղութեամբ։

Ըստ Ատէյէմոյի՝ Ուքրանիա Ռուսիոյ Դաշնութեան լայնամաշտապ ներխուժման սկիզբէն ի վեր աւելի քան 30 երկիր պատժամիջոցներ սահմանած է Մոսկուայի դէմ։