image

Ռուս զբօսաշրջիկներէն անծանօթ ժահրի մասին ստացուած բողոքներէն ետք հարցում ներկայացուած է Անգարային

Ռուս զբօսաշրջիկներէն անծանօթ ժահրի մասին ստացուած բողոքներէն ետք հարցում ներկայացուած է Անգարային

Ռուսական առողջա-համաճարակային կայանը հարցում ուղարկած է Թուրքիոյ առողջապահութեան նախարարութեան, որ անյայտ ժահրի մասին տեղեկութիւն տրամադրեն զբօսաշրջիկներու բողոքներու հետ կապուած. իրավիճակը հսկողութեան տակ առնուած է։ Այս մասին լրագրողներուն յայտնած են գերատեսչութեան մամուլի ծառայութենէն, կը տեղեկացնէ ԹԱՍՍ-ը։

Ռուսական առողջա-համաճարակային կայանի մասնագէտները վերահսկողութեան տակ առած են տեղեկութիւնները թրքական Պելեք հիւրանոցի մէջ ռուս զբօսաշրջիկներու զանգուածային բողոքներու մասին։ Գերատեսչութիւնը տեղեկութիւն խնդրած է ընթացիկ իրավիճակի մասին Ռուսական առողջա-համաճարակային կայանի եւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան առողջապահութեան նախարարութեան միջեւ զբօսաշրջիկներու առողջութեան պահպանման եւ վարակիչ հիւանդութիւններու դէմ պայքարի ոլորտին մէջ գործող փոխըմբռնման յուշագրի համապատասխան»,- նշած է հաղորդագրութեան մէջ։

Փաստաթուղթով նախատեսուած են տեղեկատւութեան փոխանակում եւ  աջակցութիւն համաճարակաբանական հետաքննութեան կայացման հարցով՝ վարակներու առաջացման պարագային։

Ռուսական առողջա-համաճարակային կայանէն յիշեցուցած են, որ որպէս կանխարգելման միջոց անհրաժեշտ է հետեւիլ անձնական առողջապահական կանոններուն, խմել շշալցուած կամ եռացած ջուր, խուսափիլ շնչական եւ աղիքային վարակներ ունեցող մարդոց հետ շփումներէ։

Աւելի վաղ շարք մը թելեկրամ ալիքներ տեղեկացուցած էին Sirene Belek հիւրանոցի մէջ հիւանդացութեան բռնկման մասին, նաեւ նշուած էր, որ երկու երեխայ վարակուած է Քոքսաքի ժահրով։