image

Անցեալի թանկագին եւ քաղցրագոյն յիշատակներով որսացուած եզակի պահը

Անցեալի թանկագին եւ քաղցրագոյն յիշատակներով որսացուած եզակի պահը

Լիբանանը կեդրոնը ըլլալով բազմալեզու մշակոյթներու` հայ ժողովուրդն ալ իր պատուաւոր տեղը ունէր Լիբանանի մէջ գործող մշակութային մեծ ընտանիքի կեանքին մէջ:

Համազգային մշակութային ընկերակցութեան լուսամիտ եւ պայծառատես հիմնադիրները, բազմավաստակ, մեծանուն, հեղինակաւոր դէմքերէն` Լեւոն Շանթը, Նիկոլ Աղբալեանը, Կարօ Սասունին, Սիմոն Վրացեանը եւ տաղանդաւոր բեմադրիչ եւ դերուսոյց Գասպար Իփէկեանը կը հովանաւորէին եւ կը կազմակերպէին լիբանանահայ մշակութային կեանքը:

Յարատեւ, տքնաջան յամառ ջանքերով հիմնուեցաւ Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբը իր հիմնադիրին`բեմադրիչ եւ դերուսոյց Գասպար Իփէկեանի կողմէ:

Գէորգ Գանտահարեան եւ Շահան Պէրպէրեան

Վաստակաւոր բեմադրիչը իր  նուիրեալ դերասանական խումբին հետ հայ թատերասէր հասարակութեան կը ներկայացնէր հայ թէ օտար թատերագիրներէ ստեղծագործուած բազմաթիւ թատերական գործեր:

Թատերախումբին ամենատաղանդաւորներն էին Ժորժ Սարգիսեանը եւ շնորհալի դերասանուհի Զեփիւռ Շանթը:

Պէյրութի նշանաւոր թատրոններէն «Կրան թէաթըր»-ի բեմին վրայ կատարուած բացառիկ ներկայացումներուն շնորհիւ` հայ թատերասէր հասարակութիւնը հիացումով կը դիտէր եւ կը վայելէր մեծատաղանդ թատերագիր եւ բազմավաստակ նուիրեալ, կրթական մշակ Լեւոն Շանթի հեղինակած թատրերգութիւններէն «Հին աստուածներ»-ը, «Ինկած բերդի իշխանուհին» եւ այլ հայ թէ օտար թատերական ստեղծագործութիւններ:

Հայ երաժշտութեան Մեսրոպ Մաշտոցին, հայ երգի պահապանին, բազմատաղանդ, հանճարեղ Կոմիտաս վարդապետի լաւագոյն հինգ սաներէն, բարեյիշատակ մեծ երաժիշտ, յօրինող եւ խմբավար Բարսեղ Կանաչեանի հիմնած «Գուսան» երգչախումբը` իր որակաւոր, լաւապէս ընտրուած, մեծաթիւ անդամ- անդամուհիներով հանդէս կու գար իր բացառիկ, հոգեթով, բարձրորակ համերգներով` Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի «Չեփըլ» (Chapel) սրահին մէջ, բազմատաղանդ եւ վաստակաշատ խմբավար` Բարսեղ Կանաչեանի ճիպոտին տակ, ստեղծելով հոգեթով պահեր ներկայ երաժշտասէր հոծ ունկնդիրներու սրտին ու հոգիին մէջ:

Գլխաւորաբար «Գուսան» երգչախումբի տարեկան համերգներուն երգացանկը բաղկացած կ՛ըլլար մեծ վարպետին` Բարսեղ Կանաչեանի ստեղծագործած եւ դաշնաւորած հոգեթով խմբերգներով, որոնց շարքին էին` «Օրօր», «Տալիլօ»-ն, «Շուշօ»-ն, «Ծընկըլ մընկըլ»-ը, «Հայրենի կարօտ»-ը, «Ուխտագնացութիւն դէպի Մշոյ Սուլթան Սուրբ Կարապետի վանքը» օրաթորիոն, «Կէրմիր ֆստան հեգուծ է»: Մուսալեռցիներու պարը եւ այլ բազմաթիւ երաժշտական ստեղծագործութիւններ կը զարդարէին յայտագիրը:

Երգացանկին թագն ու պսակը կը հանդիսանար հայ ժողովուրդի երաժշտական մեծագոյն հանճարին, հայ երգի պահապանին, բազմատաղանդ Կոմիտաս վարդապետին ստեղծագործած եւ դաշնաւորած, հոգեթով եւ սքանչելի խմբերգները` հմայելով եւ հոգեպէս լիցքաւորելով երաժշտասէր հասարակութիւնը:

Կէս արհեստավարժ եւ որակաւոր երգիչ-երգչուհիներէ բաղկացած «Գուսան» երգչախումբին գլխաւոր մենակատարներն էին` Գրիգոր Սրապեանը, Էլիզ Մանուկեանը եւ Անայիս Եղիայեանը, որ հետագային դարձաւ իտալական օփերայի անուանի եւ տաղանդաւոր մենակատարուհիներէն մէկը:

«Գուսան» երգչախումբին իր նուիրեալ եւ անսակարկ մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի երաժշտական բաժանմունքէն պատուոյ յիշատակութեամբ շրջանաւարտ երաժշտագէտ, խմբավար եւ արհեստավարժ երգիչ, ատամնաբուժ տոքթ. Էմանուէլ Էլմաճեանը:

Յարգելի բժիշկը 25 երկար տարիներ ծառայեց «Գուսան» երգչախումբին եւ խմբավարին` Բարսեղ Կանաչեանին, անսակարկ նուիրումով եւ առանց որեւէ նիւթական ակնկալութեան, իր գեղեցիկ եւ հմայիչ ձայնով ճոխացնելով երգչախումբին տարեկան համերգները:

Պատանի հասակէս մեծ հաճոյքով ներկայ եղած եմ Բարսեղ Կանաչեանին հիմնած եւ խմբավարած «Գուսան» երգչախումբի բոլոր համերգներուն` հոգեպէս լիցքաւորուելով հայ տոհմիկ եւ բազմադարեան երաժշտութեան հոգեթով բոյրով:

Ներքին հոգեկան մեծ փափաք ունէի ես ալ անձնապէս մաս կազմելու այս բարձրորակ երգչախումբին եւ վայելելու մեծ վարպետին` Բարսեղ Կանաչեանի խմբավարական ճիպոտին հոգեթով քաղցրութիւնը:

Ուսանողութեանս շրջանին իմ պայմաններս բնականաբար ձեռնտու չէին,  որպէսզի կարենայի մաս կազմել այս 25 երկար տարիներ լիբանանահայ երաժշտասէր հասարակութիւնը հմայած «Գուսան» երգչախումբին եւ վայելել Բարսեղ Կանաչեանի հովանին:

1956 թուականին նորահաս խմբավար բարեյիշատակ Գէորգ Գանտահարեանը հիմնեց լիբանանահայ «Զուարթնոց» երգչախումբը, որուն անարժանաբար կը մասնակցէի նաեւ ես` իբրեւ թենոր:

Վերջապէս իրականացած էր բազմաձայն երգչախումբի մը մաս կազմելու անհուն փափաքս:

«Զուարթնոց» երգչախումբը կը բաղկանար 50 նորեկ, երգը սիրող, արուեստասէր անդամներէ:

Անոր մասնակի եւ ընդհանուր փորձերը տեղի կ՛ունենային Ազգային Լուսինեան վարժարանի սրահին մէջ:

Մեր սիրելի, ժպտադէմ  եւ բարեհամբոյր խմբավարը` Գէորգ Գանտահարեանը, փորձերուն ներկայ կ՛ըլլար ժամացոյցի ճշդապահութեամբ, ինծի հետ միասին:

Բոլորովին հեշտ գործ մը չէր նորեկ եւ անփորձ անդամներով կազմուած երգչախումբով տարեկան համերգ պատրաստելը:

Տքնաջան, յարատեւ, յամառ աշխատանք եւ մեծ համբերութիւն հարկաւոր էին այս դժուարին գործը իրականացնելու համար:

Մեր խմբավարը մեծ համբերութեամբ եւ անսահման նուիրումով կը կատարէր անձնազոհ  առաքելութիւնը` մասնակի փորձերով, երգացանկի, գողտրիկ խմբերգներուն բառերը, եղանակը եւ խորախորհուրդ իմաստը դրոշմելով երգչախումբի անփորձ երգիչ-երգչուհիներուն մտքին, սրտին ու հոգիին մէջ: Ապա կը միաւորէր խմբերգի չորս ձայները` սոփրանօ, ալթօ, թենոր եւ պաս` ամբողջացնելով խմբերգը ընդհանուր փորձով:

Այս դժուաին եւ վիթխարի աշխատանքը համեմուած կ՛ըլլար մեր սիրելի խմբավարին` Գէորգ Գանտահարեանի հաճելի անեքթոտներով, կատակաբանութիւններով եւ լուսափայլ անուշ ժպիտով, աւելի դիւրահաղորդ եւ դիւրըմբռնելի դարձնելով հոգեթով խմբերգներուն խորունկ իմաստը մեզի բոլորիս:

Միամեայ տքնաջան եւ յարատեւ փորձերով եւ յամառ աշխատանքով վերջապէս պատրաստ եղաւ մեր տարեկան անդրանիկ համերգին գողտրիկ երգերէ բաղկացած յայտագիրը:

Հայ երաժշտութեան մեծագոյն հանճարին անմահանուն Կոմիտաս վարդապետին հաւաքած, դաշնաւորած եւ բազմաձայնած հոգեթով խմբերգները թագն ու պսակը կը կազմէին յայտագիրին:

Թէեւ բաւական դժուար գործ էր մեկնաբանել մեծն Կոմիտաս վարդապետի բարձրագոյն երաժշտական ճաշակով դաշնաւորած խմբերգները, բայց հակառակ այս բոլոր երաժշտական թեքնիք դժուարութիւններուն` մենք փորձեցինք մեր լաւագոյնը հրամցնել համերգին ներկայ գտնուող հայ երաժշտասէր ունկնդիրներուն:

Կոմիտաս վարդապետին դաշնաւորած գողտրիկ խմբերգներէն «Հորովել»-ը, «Գութաներգ»-ը, «Ձիգ տու քաշի»-ն, «Ծիրանի ծառ»-ը եւ այլ գողտրիկ խմբերգներ նոյն հեղինակէն մաս կը կազմէին յայտագիրին, նաեւ` Կոմիտասի սաներէն Բարսեղ Կանաչեանի յօրինած «Օրօր»-ը, «Տալիլօ»-ն, «Շուշօ»-ն եւ այլ խմբերգները:

Մեծանուն եւ մեծատաղանդ երաժիշտ եւ բազմավաստակ յօրինող եւ խմբավար Գրիգոր Սիւնիի գլուխ գործոցը հանդիսացող «Վուշ-վուշ սրտիս մի ճար արէք» նրբերանգ խմբերգը նաեւ մաս կը կազմէր մեր համերգի երգացանկին:

Այս վիթխարի աշխատանքը կատարելէ ետք պիտի ունենայինք մեր համերգի վերջին ընդհանուր փորձը:

Երգչախումբի բոլոր անդամները անխտիր, ճիշդ ժամանակին հաւաքուած էինք եւ կը սպասէինք մեր սիրելի խմբավարին ժամանման, որ, հակառակ իր շատ ճշդապահ ըլլալու սովորութեան, կ՛ուշանար:

Կէս ժամ յապաղումէ ետք յանկարծ մեր սիրելի խմբավարը` Գէորգ Գանտահարեանը, յայտնուեցաւ փորձասրահի դրան սեմին, պատկառելի, ալեհեր, ակնոցաւոր ծերունի անձնաւորութեան մը հետ թեւանցուկ` փարատելով մեր անհամբեր սպասումը:

Երգչախումբը շարելէ ետք, իր խօսքը մեզի ուղղելով` ան ներկայացուց իրեն հետ փորձասրահ մտնող պատուոյ հիւրը, ըսելով.

«Մեր այսօրուան պատուոյ հիւրը իմ շատ սիրելի, վաստակաշատ, բազմատաղանդ, իմաստասիրութեան եւ երաժշտութեան ուսուցիչս` փրոֆեսէօր Շահան Պէրպէրեանն է, որ բարեհաճեցաւ իր սուղ ժամանակէն տրամադրել եւ ներկայ գտնուիլ իր ձեռնասիւնին` խմբավար Գէորգ Գանտահարեանի տարեկան անդրանիկ համերգի վերջին փորձին»:

Մեր համերգի ընդհանուր փորձը սկսաւ երգացանկի բոլոր խմբերգներուն շարունակական կատարումով արժանանալով մեր մեծարգոյ հիւրին` փրոֆ. Շահան Պէրպէրեանի բարձր գնահատանքին:

Մեր հիւրը աւարտին յուզումով համբուրեց իր տաղանդաւոր սանին եւ մեր սիրելի խմբավարին` Գէորգ Գանտահարեանին  ճակատը, յաջողութեան լաւագոյն մաղթանքներով:

Պատանի հասակէս բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններ եւ սերտողութիւններ կատարած էի հայ երաժշտութեան մեծագոյն հանճարին` Կոմիտաս վարդապետի կեանքին եւ գործին մասին, կարդալով իր ժամանակակիցներուն, անձնական եւ ականատեսի վկայութիւնները:

Այս իմ ունեցած բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններուս ընթացքին մեր մեծարգոյ հիւրին` փրոֆ. Շահան Պէրպէրեանի անունը ծանօթ էր ինծի, սակայն անձնապէս ծանօթանալու առիթը չէի ունեցած:

Առիթը յարմար նկատելով` մտայղացումը ունեցայ կարգ մը հարցումներ ուղղել անոր եւ քաղել ականատեսի վկայութիւններ Կոմիտաս վարդապետի ծաւալած երաժշտական գործունէութեան մասին, ի մասնաւորի` Պոլսոյ մէջ:

Ընդհանուր փորձի աւարտին, երբ դուրս կու գայինք փորձասրահէն, մեր պատուոյ հիւրին ուղղեցի հետեւեալ հարցումը.

«Պրն. Շահա՛ն, դուք, որ ժամանակակից եղած էք Պոլսոյ մէջ Կոմիտաս վարդապետին ունեցած երաժշտական բազմաբեղուն գործունէութեան, ի՞նչ կրնաք պատմել ականատեսի վկայութեամբ»:

Ակնոցներուն տակէն հայեացքը ինծի ուղղելով, իմ պզտիկ հասակովս մեծ հարցում մը հարցուցած ըլլալուս համար հայրական ժպիտով մը ըսաւ.

«Տղա՛ս, հայ երգի քուրմը եւ պահապանը` Կոմիտաս վարդապետը, ինքը գտաւ հայ երաժշտութեան այբուբենը, խազագիտութեան բանալին: Տքնաջան նուիրեալ, յարատեւ եւ աննկուն հաւատքով եւ նուիրուածութեամբ հաւաքեց, բարձրագոյն ճաշակով դաշնաւորեց եւ տպագրութեան պատրաստ վիճակի հասցուց մեր փառապանծ ազգի` հայ ժողովուրդի հոգեւոր եւ տոհմիկ, բազմադարեայ երաժշտական ժառանգութիւնը:

«Մասնակցելով միջազգային երաժշտական մեծ համագումարներու` համայն աշխարհին առջեւ գիտականօրէն փաստեց հայ փառապանծ ազգի ինքնուրոյն երաժշտութիւն ունենալու անհերքելի իրականութիւնը:

«Հանճարեղ, բազմատաղանդ, անմահանուն Կոմիտաս վարդապետը, հայ ժողովուրդի սրտէն ու հոգիէն բխած բոլոր երգերը հաւաքելով եւ անգերազանցելի ճաշակով դաշնաւորելով ու բազմաձայնելով, վերածեց հոգեթով խմբերգներու, հրամցուց եւ ծանօթացուց հայ թէ օտար երաժշտասէր ունկնդիրներուն իր իսկ հիմնած եւ խմբավարած, 150 երգիչ եւ երգչուհիներէ բաղկացած «Գուսան» երգչախումբի տարեկան բացառիկ համերգներով, որոնք մեծ յեղաշրջում ստեղծեցին պոլսահայ թէ օտար երաժշտական շրջանակներէ ներս:

«Անձնապէս ներկայ եղած եմ այս հոգեթով եւ քաղցրահունչ, «Գուսան» երգչախումբի բոլոր համերգներուն` մեծ հիացումով վայելելով հայ ժողովուրդի սրտէն ու հոգիէն բխած բոլոր խմբերգներուն քաղցրահամ բոյրը:

«Կոմիտաս վարդապետին հիմնած եւ խմբավարած «Գուսան» երգչախումբը տարեկան երկու ելոյթներով հանդէս կու գար պոլսահայ եւ օտար երաժշտական հասարակութեան Պոլսոյ շքեղավարդ Պըտի Շանի շքեղազարդ թատրոնի սրահին մէջ:

Առաջին ելոյթը յատկացուած էր ընդհանուր երաժշտասէր ունկնդիրներուն համար:

Երկրորդ ելոյթը կը կատարուէր մասնաւոր եւ անձնական հրաւէրով, այն ժամանակուան օսմանեան խորհրդարանի, հռետոր երեսփոխան եւ մեծատաղանդ իրաւաբան մեծարգոյ Գրիգոր Զոհրապի, որ Կոմիտաս վարդապետին կատարած դաշնաւորումներուն եւ համերգներուն մեծագոյն հիացողներէն մէկն էր:

«Մեծարգոյ երեսփոխանը, երկրորդ համերգին բոլոր տոմսերը ինք կը գնէր` համերգի հրաւիրելով Պոլսոյ մէջ գտնուող բոլոր օտար հիւպատոսները եւ դեսպանները, ու նաեւ օսմանեան պետական բարձրաստիճան դէմքերը, որոնք սիրայօժար կ՛ընդունէին հրաւէրը եւ կը լեցնէին Պըտի Շանի թատրոնին բոլոր աթոռները` ունկնդրելու համար «Գուսան» երգչախումբին եւ իր մեծատաղանդ խմբավարին` Կոմիտաս վարդապետին հրամցուցած հոգեթով եւ քաղցրահունչ մեկնաբանութիւնները:

«Համերգին ներկայ գտնուող բոլոր բարձրաստիճան օտար դիւանագէտները եւ քաղաքական գործիչները մեծ խանդավառութեամբ յոտնկայս, որոտընդոստ ծափերով կը գնահատէին բոլոր խմբերգներուն մեկնաբանութիւնները:

«Գուսան» երգչախումբի համերգի միջնարարներուն անմահանուն, մեծատաղանդ իրաւաբան երեսփոխանին, արուեստասէր, նորավիպագիրին մեծագոյն հաճոյքը կ՛ըլլար ունկնդրել այդ բազմազգի դիւանագէտներուն եւ քաղաքական դէմքերուն գովասանական արտայայտութիւնները` քաղցրահունչ եւ հոգեթով համերգի մասին:

«Ափսո՜ս, որ այս հայազգի մեծատաղանդ անձնաւորութիւնը Գրիգոր Զոհրապը զոհ գնաց եւ նահատակուեցաւ 1915 թուականի օսմանեան թուրք կառավարութեան կողմէ կազմակերպուած եւ գործադրուած, մէկուկէս միլիոն անմեղ հայերու նահատակութեան` Հայոց ցեղասպանութեան»:

Մեծապէս ներշնչուած եւ ոգեւորուած կատարած հարցումէս, մեր հիւրը` Շահան Պէրպէրեան, աւելցուց` ըսելով.

«Գալով հոգեւոր երաժշտութեան, հանճարեղ Կոմիտաս վարդապետը անսակարկ նուիրումով, բծախնդրութեամբ, բարձրագոյն ճաշակով հաւաքեց մեր հայրերէն ժառանգ մնացած հոգեւոր երգերը եւ շարականները, անգերազանցելի հմտութեամբ դաշնաւորեց, դասաւորեց եւ հրատարակութեան պատրաստ վիճակի հասցուց:

«Հոգեւոր երաժշտութեան թագն ու պսակը կը հանդիսանայ իր յօրինած ու դաշնաւորած կոմիտասեան պատարագը` արական եւ իգական խումբի համար:

«1913 թուականին Պոլսոյ Գում Գափուի  հայկական եկեղեցիին մէջ մատուցուած սրբազան պատարագի երգեցողութիւնը կոմիտասեան եղանակով կատարած է «Գուսան» երգչախումբը` ղեկավար ունենալով պատարագիչ հանճարեղ Կոմիտաս վարդապետը»:

Մեծանուն իմաստասէրը եւ երաժշտագէտը` փրոֆ. Շահան Պէրպէրեան, ինք ներկայ գտնուած է այս պատարագին եւ վայելած` հոգեթով եւ հոգեթափանց արարողութիւնը:

Շահան Պէրպէրեան իր երկարաշունչ նկարագրականը աւարտին հասցնելով` ան հայրաբար մազերս շոյեց եւ ըսաւ. «Տղա՛ս, Վարդա՛ն, շատ ուրախ եմ, որ այսպիսի կարեւոր հարցում մը ուղղեցիր ինծի, յոյսով եմ,  որ մեծապէս բաւարարուած ես: Այս պատմած ականատեսի վկայութիւններս ականջիդ օղ ըրէ եւ իմ կողմէս մնայուն յիշատակ պահէ ամբողջ կեանքիդ տեւողութեան»:

Շուրջիններս մեծ հետաքրքրութեամբ եւ հիացումով, ականջ կտրած, մտիկ կ՛ընէին մեր մտերմիկ խիստ կարեւոր եւ հետաքրքրական խօսակցութիւնը:

Հոգեպէս լիցքաւորուած մեծ իմաստասէրին` Շահան Պէրպէրեանի մեզի հաղորդած մեծ պատգամով, ժպիտով բաժնուեցանք:

«Զուարթնոց» երգչախումբին տարեկան անդրանիկ համերգը` ղեկավարութեամբ մեր սիրելի խմբավարին` Գէորգ Գանտահարեանին,  տեղի ունեցաւ Լիբանանի ամառնային օդափոխութեան վայրերէն Տուհուր Շուէյրի, «Ռատիօ սիթի» թատրոնի սրահին մէջ` հոծ երաժշտասէր ունկնդիրներու ներկայութեան, խլելով որոտընդոստ եւ երկարատեւ ծափողջոյններ:

Խմբավարական արուեստին հետ առընթեր, մեր սիրելի խմբավարը եղաւ նաեւ բազմավաստակ կրթական մշակ` պաշտօնավարելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Պիքֆայայի Զարեհեան դպրեվանքէն ներս:

Տարիներ ետք, երբ մեր սիրելի, ժպտադէմ ու բարեհամբոյր խմբավարը ամուսնացաւ եւ ընտանիք կազմեց, իր անդրանիկ մանչ զաւակը անուանեց Շահան, իր երախտաշատ ուսուցչապետին` Շահան Պէրպէրեանի յիշատակը յարգելով:

Յաւերժական փառք ու պատիւ մեր շատ սիրելի խմբավարին` Գէորգ Գանտահարեանին եւ իր բազմավաստակ ուսուցչապետին` իմաստասէր, երաժիշտ, երգահան փրոֆեսէօր Շահան Պէրպէրեանի անթառամ եւ խնկելի յիշատակին:

«Յաւիտենական յիշատակն

արդարոց օրհնութեամբ եղիցի»:

Երկնասլաց աղօթք եւ խունկ խոնարհ հերոսներու Անթառամ եւ Խնկելի յիշատակին:

 

Քաղցրագոյն յուշերով`

Վարդան Ա. Գարապաճագեան
Անթիլիաս, Լիբանան

«Ազդակ»