image

Հաւաքական արարում. գրեց՝ Մովսէս Ծիրանի

Հաւաքական արարում. գրեց՝ Մովսէս Ծիրանի

   Շաբաթներ առաջ  համացանցի մէջ երեւցաւ    Լիբանանահայ  հանգուցեալ մտաւորական եւ «ԲԱԳԻՆ» ամսաթերթի երկար տարիներու խմբագիր։ Պօղոս Սնապեանի  դստեր՝ Թամար Սնապեան- Սուրճեանի   «Բաց նամակ»ը, որ ուղղուած է  Լիբանանահայ   հանրայայտ արուեստաբան եւ հրապարակախօս՝ Մովսէս Ծիրանիին։ Այդ «Բաց նամակ»ի   երեւութական «դրդապատճառ»ը  նոյն Ծիրանիի  «Բագին»ի տարեդարձին նուիրուած  մէկ յօդուածն էր, որ լոյս տեսած էր  ՀՅԴ պաշտօնաթերթ՝  «Դրօշակ»ին  մէջ։ 

Տխուրն այն էր, որ Թամար Սնապեան  մէկդի դնելով բոլոր մակարդակի նրբանկատութիւնները վիրաւորական  խօսքերով  ողողած էր իր գիրը,  ենթադրելով, որ այդկերպ պիտի կարողանայ    ընթերցողներու պատակառելի  թիւ մը ապահովել, ու այդպիսով ալ  դառնալ «աստղային գրող»։

  Բնականաբար  յարգելով հանդերձ  ազատ արտայատուելու  արդար իրաւունքը եւ խօսքի ազատութիւնը նմաններուն  հարկ է յիշեցնել, որ  վիրաւորանքներով  գրելու   ապաշնորհութիւնը նախ եւ առաջ  կը վնասէ  նոյն  այդ  «գիր մրոտողներ»ուն։

Պատմութեան համար ալ  պէտք է վկայել, որ  անկախ իր ունեցած  բարձր արժանիքներուն ու կերտած  անունին Մովսէս Ծիրանին  միշտ ալ բարեացակամ մօտեցում ցուցաբերած է Սնապեաններուն ու յատկապէս Թամար Սնապեանին հանդէպ, որն այսօր արդէն   այրած  է բոլոր տեսակի  կամուրջները,   տարիներ առաջ   եղբայրական մօտեցում ցուցաբերած՝ Մովսէս Ծիրանիին հանդէպ։

 Ստորեւ կը ներկայացնենք  Մովսէս Ծիրանիի  «Հաւաքական  արարում» պատասխան-յօդուածը ու այդպիսով ալ կը փակենք  սոյն թեման։

շենք նաեւ, որ Ծիրանիի  նոյն այս գիրը, ինչպէս նաեւ Թամար Սնապեանի   «Բաց նամակ»ը լոյս տեսած  են «Դրօշակ»ի  վերջին եւ վերջընթեր թիւերուն մէջ։

 

 

Սիրելի Թամարիկ

Ի վերջոյ կարդացի «Դրօշակ»ի մէջ հրատարակած «Բաց Նամակ»դ եւ յուսախաբ եղայ... չէի ակնկալեր որ դուն այսքան անհիմն ու անտեղի զրպարտութիւններ կրնաս ընել, ինծի պէս մէկուն որ ոչ միայն քեզ մանկութենէն կը ճանչնայ ու եղած է նաեւ՝ ուսուցիչդ, այլ նաեւ երբ իբրեւ աշակերտ Հայաստան եկած էիր, հօրդ խնդրանքին հիման վրայ, քեզ շարք մը գրողներու քով տարի ու նաեւ պտտցուցի քեզ Հայաստանի կարգ մը տեսարժան վայրերը...: Այն ատեն ինքնամփոփ, կիրթ, ուշիմ ու անուշիկ աղջնակ մըն էիր: Շատ պիտի ուզէի որ իմ պատկերացումին մէջ նոյնը մնայիր: Ոչ միայն թշնամանք չեմ ունեցած եւ չունիմ, այլ նոյնիսկ համակրանք ունիմ ընտանիքիդ հանդէպ: Թէեւ ամէն ինչ փոխադարձ էր, բայց ես չեմ կրնար չգնահատել ու մոռնալ Մայրիկիդ ցուցաբերած ջերմ ու ասպնջական վերաբերմունքը, յատկապէս՝ Պետիկի նկատմամբ...: Նոյնիսկ հօրդ հանդէպ թշնամանք չունիմ: Պետիկը եւ ես վաղո՜ւց ներած ենք իրեն... քրիստոնէական բարի զգացումներով:

Կ’ըսես թէ «Մովսէսն ու իր եղբայր Պետիկը... քաղաք մնալու համար ուրիշ ապաստան չունէին»: Իրապէ՞ս... ուրկէ՞ կը հանես այսպիսի սուտեր: Այդ օրերուն գաղտնիք չէր, որ Կուսակցութիւնը առանձին ընդարձակածաւալ յարկաբաժին մը տրամադրած էր «Ազդակ»ի անձնակազմին, կեցութեան հնարաւոր լաւագոյն պայմաններով, ուր կը մնար Պետիկը: Իսկ ինծի տրամադրուած էր «Նշան Փալանճեան»ի վերի յարկէն առանձին սենեակ մը իբրեւ «Ճեմարանի» եւ «Համազգային»ի Հայագիտական ամպիոնի ուսուցիչ ու դասախօս: Մենք, այդ վտանգաւոր օրերուն, հարկ եղած պարագային ձեր տունը կ’երթայինք հօրդ «Հրաւէրով»... իրեն օգնելու եւ զինք առանձին ձգած չըլլալու համար: Երբեմն դուք ալ ընտանեօք ներկայ կ’ըլլայիք ու միասին այնքան լաւ, հաճելի ու բովանդակալից ժամանակ կ’անցընէինք, որոնց կարօտով կը յիշեմ... մինչեւ հիմայ:

Կ’ըսես թէ «Ծիրանին սոսկ գրաբեր մըն էր»: Իմացիր որ ես ո՛չ Պօղոս Սնապեանին, ո՛չ ալ ոեւէ կուսակցական ընկերոջ ո՛չ մէկ նամակ կամ գիր տարած եմ Հայաստանեւ ոչ ալ բերած... զգուշութեան համար: Կարեւոր ու կենսական համարուող տեղեկութիւնները գոց կը սորվէի, կու գայի Պէյրութ կը վերարտադրէի զանոնք ու կը յանձնէի ընկ. Զէյթլեանին, ան ալ իր հերթին «Բագին»ի վերաբերեալ բաժինը կը յանձնէր Սնապեանին: Քու կազմած եւ խմբագրած «Նամակներ Պօղոս Սնապեանին» Ա. հատորին մէջ եւս ոչ մէկ նամակ կամ երկտող կայ Խորհրդային շրջանէն: Միւս կողմէ ինչո՞ւ կը կարծես որ «Գրաբեր» ըլլալը գէշ կամ նուաստացուցիչ բան մըն է: Այն տղաքը, որոնք արգիլեալ գրականութիւն, նամակներ կամ ձայնագրութիւններ կը մտցնէին Խորհրդային Հայաստան, իրենց կեանքն ու ապագան կը վտանգէին: Ասոնք յարգանքի արժանի հերոսներ են: Ինչպէս. Յ. Չոլաքեան, Ս. Տէր-Խաչատուրեան, Ռ. Գէորգեան, Պ. Գասապեան (Պալըխ), Գ. Թարխանեան, Յ. Ճամպազեան, Յ. Պէրթիզլեան, եւայլն: Ոչ միայն չեմ մոռցած զանոնք, այլ նոյնիսկ Ս. Տէր-Խաչատուրեանի մասին յօդուած ալ հրատարակած եմ «Ազդակ»ի մէջ ... իր մահէն ետք: Արդա՞ր է, որ այս հերոսները «Սոսկ Գրաբեր» համարուին: Որպէս զի իմանաս որ «Մովսէս Ծիրանին սոսկ գրաբեր մը չէր», բաց «Բագին»ի յիսնամեակին նուիրուած համարը (Ծ. Տարի թիւ 4) եւ ուշադրութեամբ ընթերցէ, Ս. Սարգսեանի, Յ. Յակոբեանի, Ա. Իշխանեանի եւ Մ. Այնթապլեանի «Բագին»ի յղուած նամակներն ու լավ կ’ըլլա ընթերցես նաեւ նաեւ՝ ՀՅԴ-ի պաշտօնաթերթ՝ «Դրօշակ»ի կողմէ Մ. Ծիրանիի հետ կայացած այն հարցազրոյցը, որ արտատպուեցաւ «Ազդակ»ի 2023-ի Յուլիս 11-ի համարին մէջ: :

Բացի յիշեալ հարցազրույցէն այլ առիթներով եւս, միշտ յարգանքով ու գնահատանքով խօսած եմ «Բագին»ի եւ Պօղոս Սնապեանի մասին: Իսկ ընթերցումներդ խղճմտօրէն կատարելէ եւ համոզուելէ ետք որ «Մովսէս Ծիրանին սոսկ նամակաբեր մը չէր», պարկեշտ եղիր իմ մասին ստացած ճշմարիտ ու վաւերական տեղեկութիւնները տարածել, այնպէս, ինչպէս տարածեցիր անճիշդ ու անվաւեր յօրինումներդ..:

Այնպէս կը թուի թէ, դուն հետաքրքրուած ես Սնապեանի խմբագիր եղած ժամանակաշրջանի «Բագին»ով միայն: Եթէ «Բագին»ի յիսնամեակին նուիրուած բացառիկը կարդացած ըլլայիր, «Պօղոս Սնապեանի հետ» ու «Բագինի Թափանցումն Խորհրդային Հայաստան», Ինձ հետ կայացած հարցազրոյցներն ու օրուայ խմբագիր՝ Յ. Պալեանի ստորագրութեամբ լոյս տեսած «“ԲԱԳԻՆ” 50-ԱՄԵԱԿ՝ 1600-ամեայ Հայ Գրականութեան Գիծին վրայ» յօդուածը, պիտի չիյնայիր թիւրիմացութիններու մէջ ու դառնայիր ծիծաղելի, յատկապէս անոնց համար որոնք լա՛ւ կը ճանչնան, Մովսէս Ծիրանին ու Պօղոս Սնապեանը: Այնպէս գրած ես կարծես թէ Սնապեանէն դուրս «Բագին» գոյութիւն չէ ունեցած: Չե՞ս կարծեր այդպիսով դուն անտեսած կ’ըլլաս Կարօ Սասունիին, Եդուարդ Պօյաճեանին ինչպէս նաեւ Յակոբ Պալեանին ու Սոնիա Քիլեճեանին, որոնք Սնապեանէն պակաս նուիրեալներ չեն: Ինչո՞ւ կ’անտեսես նաեւ «Բագին»ի արժանաւոր օգնական ու փոխ խմբագիրները, (ինչպէս. Սարգիս Կիրակոսեան, Յարութիւն Պէրպէրեան, Սեդա Գրիգորեան, Նորա Բարսեղեան, Արփի Համբարեան...), որոնք նոյնպէս նպաստած են «Բագին»ի բարգաւաճման:

Նկատի առ որ «Բագին»ի մէջ հօրդ անունը արձանագրուած է իբրեւ Խմբագիր ոչ իբրեւ Խմբագրապետ կամ Գլխաւոր Խմբագիր: Չե՞ս կարծեր որ ասիկա բան մը կը նշանակէ: Նոյնի’սկ ինքը՝ Պօղոսը հպարտութեամբ կը վկայէ թէ. «Կարօ Սասունի իբրեւ գործօն խմբագիրներ նշանակեց Եդուարդ Պօյաճեանն ու Պօղոս Սնապեանը»: (Տես՝ «Բագին»ի յիսնամեակին նուիրուած բացառիկը, Ծ. Տարի, թիւ 4, էջ 13): Հայրդ գիտէր թէ Կարօ Սասունիի նման մեծութեան մը կողմէ «նշանակուիլը» միայն պատիւ կը բերէ Պօյաճեանին ու իրեն: Աներկբայօրէն՝ Պօղոս Սնապեանը սոսկ ՀՅԴ Բիւրոյի պաշտօնեան էր: Գրական հարցերու մէջ ինք ազատ գործելու իրաւունք ունէր, սակայն երբ գրական հարց մը կ’առնչուէր քաղաքականութեան, ան պարտաւոր էր խորհրդակցելու ընկ. Զէյթլեանին հետ: Խնդիրը շատ յստակ է ու տրամաբանական: Ինք հաշուետու էր ընկ. Զէյթլեանին, որ իր հերթին հաշուետու էր Բիւրոյին: Եւ բոլոր իրաւ կազմակերպուած ու զօրաւոր կուսակցութիւններու պարագաին այս է եղած կարգը: Իսկ իմ յիշած մտաւորականները, (Ա. Տէր Խաչատուրեան, Վ. Սէթեան, Յ. Իսկէնտէրեան, Ա. Թումայանն ու Ժ. Դանիէլեան), կամովին եւ սիրայօժար կ’օգնէին «Բագին»ին: Այս մէկը եւս պատիւ կը բերէ Պօղոսին, որովհետեւ ան կրցած էր, յարգուած, գնահատուած ու բանիմաց մտաւորականներ համախմբել «Բագին»ին շուրջ: Կասկածամտութեամբ հարց կու տաս նաեւ՝ այս մտաւորականները «ինչպէ՞ս եւ ի՞նչ ձեւով կ’օգնէին «Բագին»ին»: Այս հարցին ալ թող պատասխանէ «Բագին»ի վաստակաւոր խմբագիր Յակոբ Պալեանը: Ան կ’ըսէ. անոնք որոնք «...Մրջիւնի եւ պրպտողի շնորհքներով «Բագին»ի սպասարկու եղած են, անոնց անունները յիշելը ազնիւ տուրք է. Արտաշէս Տէր Խաչատուրեան, գիրքերու շտեմարան գրախօսողը, լուսանկարներու շտեմարան Աւօ Թումայանը, մրջիւնի յամառութեամբ էջեր սրբագրող Պետիկ Հերկելեանը եւ ուրիշներ, հաւաքական արարում»: (Տես՝ նոյն տեղը, էջ 10): Այո՛, ի սկզբանէ «Բագին»ը եղած է «հաւաքական արարում» եւ այդ պատճառով ալ յաջողած է իր առաքելութեան մէջ, ու ճակատաբաց կը շարունակէ իր մշակութանուէր երթը:

Այն տպաւորութիւնը կ’ուզես ձգել որ «Բագին»ը փակելու հարց չէ եղած ու ինքնավստահ կերպով կը պնդես. «Հ.Յ.Դ. Բիւրոն երբեւէ «Բագին»ը փակելու մասին մտածած չէ»: Սակայն «Բագին»ի բազմամեայ եւ վաստաշատ խմբագիր՝ Պօղոս Սնապեանը կը վկայէ թէ «Բագին»ը փակելու հարցը բարձրացուած է նոյնիսկ Հ.Յ. Դաշնակցութեան 1977-ին հերթական համագումարին: Ան կ’ըսէ, «1977-ին գումարուեցաւ այս ամսագիրը նիւթապէս հովանաւորող Հ.Յ. Դաշնակցութեան հերթական համագումարը, որ պատերազմական երկարաձգուող անորոշութեան մէջ վերջ պիտի դնէ բազմածախս այս հրատարակութեան»...: (Տես՝ նոյն տեղը, էջ 20): Ի՞նչ ընենք որ քու սիրելի հայրիկդ ալ քու ըսածդ կը ժխտէ: Ասիկա, կը նշանակէ թէ քեզի սխալ տեղեկութիւններ տուողը հայրդ չէ եղած, այլ չարամիտ, կամ թոյլ հիշողութեան տէր մարդիկ: Հիմա ալ թէ իմ եւ թէ առհասարակ իրենց ասպարէզին մէջ յաջողած ու հանրութեան մէջ բարձր վարկ ունեցող մարդոց մասին «ըսի-ըսաւներ» շատ կան... Նման սին յերիւրանքներուն ի սկզբանէ կարեւորութիւն չեմ ընծայած... որովհետեւ օդին մէջ թքնուած պղպջակներ են ատոնք, որոնք շատ արագ կը պայթին ու կ’անհետին:

Կ’ըսես թէ «երկու գրողները (Գր. Պլըտեանն ու Մ. Նշանեանը) վստահաբար երախտապարտ են «Բագին»ի մէջ տպագրուելու համար»: Ինչո՞ւ ո՛չ: Հակառակ որ ես երկար տարիներէ ի վեր կ’աշխատակցիմ երեք միջազգային չափանիշի արուեստի հանդէսներու, (Ամերիկեան «Fine ArtMagazine»,Մոնագոյան«LUXE IMMO» եւ ֆրանսական «L.A. Art»), ոչ միայն երախտապարտ եմ այլեւ հպարտ, որ երկար տարիներ աշխատակցած եմ ու կամովին օգնած՝ «Բագին»ին...: Սակայն նկատի առ որ «Բագին»ը իբրեւ գրական բեմ մեծ վարկ ու հեղինակութիւն սկսաւ ունե նալ, երբ Եդուարդ Պօյաճեանն ու Կարօ Սասունին հօրդ կողքին էին: Ինչ խօսք որ Սնապեանը արժանի եղաւ իր գործընկերներուն: Այսօր եւս «Բագին»ը ոչ միայն կը մնայ պատնէշի վրայ, այլեւ կը շարունակէ իր վարկն ու հեղինա կութիւնը բարձր պահել Հայ գրական անդաստանէն ներս: Ըլլայ Սնապեանը, թէ ես, հայրենի մտաւորականութեան մօտ յայտնի, գնահատուած ու յարգանքի արժանի մտաւորականներ դարձանք, շնորհիւ Հ.Յ. Դաշնակցութեան ունեցած բարձր վարկին ու հեղինակութեան: Նկատի առ՝ բացի «Բագին»էն Խորհրդային Հայաստանի մէջ կը տարածուէին նաեւ «Ազդակ Շաբաթօրեակ»ն ու ազգային յեղափոխական գրականութիւն:

«Բաց Նամակ»իդ վերջաւորութեան, ոչ միայն կասկածի տակ կ’առնես մեր՝ իմ, Պետիկի եւ մեր ընկերներուն վարկը, այլեւ անուղղակիօրէն կը հասկցնես որ մենք «վախկոտներ» ենք: Նախ՝ ես Պետիկն ու մեր բոլոր գործընկերները բազմիցս «գործով» փաստը տուած ենք խիզախութեան ու նուիրուածութեան: Երիտասարդ տարիքիս, խորհրդային անապահով պայմաններու մէջ, ապագաս ու նոյնի՛սկ կեանքս վտանգելով, ընդյատակեայ գործ կը տանէի Վազգէն Մանուկեանի, Ռաֆայէլ Իշխա նեանի, Սօս Սարգսեանի, Ռազմիկ Դաւոյեանի, Պետրոս Այնթապլեանի եւ այլ «գաղափարակից» ընկերներու հետ: Հիմա դուն հանգիստ նստած ապահով պայմաններու տակ, զրպարտութեամբ կը զբաղուիս ու կը շարունակես մսխել Պօղոս Սնապեանի երկարատեւ եւ տքնաջան աշխատանքով ու հաւատարմութեամբ ձեռք բերուած, կուսակցականի վարկն ու վաստակաշատ մտաւորականի համբաւը:

Ես ճշմարտութիւնը շարադրեցի ու փաստեր ներկայացուցի քեզի: Քու ընթերցողները թող որոշեն թէ դուն ո՞վ ես, ի՞նչ տեսակ մէկն ես, եւ ի՞նչ յետին նպատակներ կը հետապնդես...: Թամարի՛կ ջան, հակառակ յոյժ բազմազբաղ ըլլալուս, պէտք եղածէն աւելի կարեւորութիւն տուի ու ժամանակ տրամադրեցի քեզի, որովհետեւ չեմ կրնար, եւ ոչ ալ կ’ուզեմ հաւատալ թէ դուն չարամիտ կին մըն ես: Եւ որովհետեւ թիւրիմացութեան մէջ ես դուն ու խաբուած, կը ներեմ քեզի, պայմանաւ որ զղջաս ըրածիդ համար ու հրապարակաւ ներողութիւն խնդրես, կուսակցութենեն՝ իր անունեն խոսելու և պատմութիւնը խեղաթիւրած ըլլալուդ համար, «Բագին»ի ընտանիքէն՝ անոնց նուիրական աշխատանքը նսեմացուցած ու անտեսած ըլլալուդ համար եւ անշո՛ւշտ Մովսէս Ծիրանիէն անիրաւօրէն զայն վարկա բեկած ըլլալուդ համար:

Այս բոլորէն ետք, եթէ կը կարծէս թէ նմանօրինակ անմակարդակ ու անհեթեթ նամակներու պիտի պա տասխանեմ ու նոր բացայայտումներ ընեմ, յոյս մի ունե նար: Եթէ ոեւէ մէկը ժպրհի դէմս բան մը գրել կամ փորձէ հերքել ըսածներս, այդ տեսակներուն հիմակուընէ կը թելադրեմ այն ինչ որ քեզի թելադրեցի...: Եւ ինչու չէ, այս դժնդակ օրերուն երբ ազգովին ճա կատագրական ու դժուարին օրեր կ’ապրինք, ու ամէնէն առաջ ու ամէնէն վեր կենսականօրէն պէտք ունինք համե րաշխութեան ու միասնականութեան եկուր «հաւաքական արարումով» վերականգնենք ընտանեկան մեր նախ կին ջերմ յարաբերութիւնները... օրինակ ծառայելով ուրիշներին:

«Դրօշակ» թիւ 10 - Էջ 47-48.

----

Վկայութիւններ.

«Եւ ինչ մեծ յաջողութիւն եւ ուրախութիւն էր մեզ համար, որ էդ ժամանակ Երեւանում էր սովորում Մովսէս Հերկէլեանը, որը գնում-գալիս էր Երե ւան-Պէյրութ եւ ամէն անգամ յաջողացնում էր իր հետ բերել «Բագին»ի համարները: Կարդում էինք անյագ հետաքրքրութեամբ, ծայրից-ծայր ու ծածուկ փոխան ցում մէկս միւսին: Էնքան էր ձեռքից-ձեռք անցնում, որ քրքրւում էր ու մենք ստիպուած էինք նորից հաւաքել այն, սոսնձել ու դարձեալ տարածել: Շատ բան էինք իմանում էդ ամսագրից եւ էսօր ես ուզում եմ ուշացած շնորհակալութիւնս յայտնել Մովսէսին:» -

Սօս Սարգսյան, Երեւան, 14.07.2012, Երեւան: Բագինի 50-ամեակ, էջ 12

----

70-ական թուականների սկզբներին էր իմ ծանօթութիւնը, hետագայում յաճախակի շփումները Մովսէս Հերկելեանի հետ: Ծանօթացել ենք մեր տանը, ուր նա յաճախ էր գալիս եւ երկար զրուցում հօրս` Ռաֆայէլ Իշխանեանի հետ: Զրոյցներն անցնում էին երբեմն շատ բուռն եւ հիմնականում շօշափում էին լեզուի պահպանութեան, հայ ժողովրդի տարբեր կողմնորոշումների, Հայաստանի ապագայի, յատկապէս որպէս ուղենիշ անկախութեան թեմաների շուրջ: Այն տարիներին Խորհրդային Հայաստանը գտնւում էր տեղեկատուական խիստ գրաքննութեան մամլիչի ներքոյ: Վտանգաւոր էին յատկապէս այլախոհական եւ Հայաստանի 18-20 թթ. պատմութեան, Խորհրդային Հայաստանին վերաբերող քննադատական, սփիւռքում, յատկապէս դաշնակցական մամուլում հրապարակուած գրքերն ու ամսագրերը: Մովսէսը մեզ պարբերաբար բերում էր Պէյրութում հրապարակուող, Խորհրդային Հայաստանում արգելուած «Բագին» գրական ամսագիր եւ այլ ազգային բովանդակութեան հրատարակութիւններ, ինչպէս նաեւ` Աստուածաշնչի Հին եւ Նոր կտակարաններ: Ի դէպ, մայրս` Բիւրակն Չերազը, մինչեւ վերջերս չգիտէր, որ այն տարիներին այդ գրականութիւնը մեզ բերում էր Մովսէս Հերկելեանը: Հայրս այն գաղտնի էր պահում մօրս աւելորդ անհանգստութիւն չպատճառելու համար: Դրանք մեզ համար թարմ շունչ էին, Հայաստանի պաշտօնական կաղապարուած կարծրատիպերից տարբերուող տեսակէտներ: «Բագին»-ի համարներից մէկը նուիրուած էր Ակսել Բակունցի յոբելեանին: Համարում հանդիպակաց էջերում զետեղուած էին նոյն խորհրդահայ գրողի յօդուածները Բակունցի մասին 1936 թ., ուր հեղինակը ոչնչացնում էր Բակունցին որպէս հակայեղափոխական, նացիոնալիստ, դաշնակցական եւ 1979 թ. յոբելեանական յօդուածը, ուր նոյն հեղինակը մեծարում էր Բակունցին` որպէս խորհրդահայ լաւագոյն արձակագիրի:

Մովսէս Հերկելեանը բնակւում էր Մաշտոցի (այն ժամանակ Լենինի) պողոտայում գտնուող հանրակացարանում: Իմ աշխատավայրը հանրակացարանի մօտակայքում էր: Ընդմիջման ժամերին յաճախ էի այցելում Մովսէսին: Նրա սենեակի պատերը զարդարուած էին իր եւ նրա նկարիչ ընկերների (Վարուժան Վարդանեան, Վիգէն Թադեւոսեան, Արկադի Բաղդասարեան եւ այլն) ստեղծագործութիւններով: Սակայն ամենահետաքրքրականը այն էր, որ այդ ստեղծագործութիւնների մէջ էր նաեւ Պրուս Լիի նկարը: Եւ եւս մի հետաքրքիր յիշողութիւն: «Բագին»-ի գլխաւոր խմբագիր Պօղոս Սնապեանը Մովսէսի միջոցով հօրս էր ուղարկել սկովտիական ուիսքի, որը Խորհրդային Միութիւնում ամենահազուագիւտ ապրանքներից էր: Հայրս խմող չէր եւ այդ խմիչքը ես վայելեցի ընկերներիս հետ...»

ԱՒԵՏԻՔ ԻՇԽԱՆԵԱՆ 19.09.2012,Երեւան, Բագինի 50-ամեակ, էջ 22

----

«Ես ուրախ եմ, որ այսօր հանդիպեցի Մովսէսին: Խորհրդային տարիներին մենք լաւ ընկերներ ենք եղել, յաճախ հանդիպել ենք, մանաւանդ` նշանաւոր բանաստեղծ Ռ. Դաւոյեանի տանը, որտեղ Մովսէսը սքանչելի հիւր էր, եւ լաւ յիշտակներ ունեմ Մովսէսից, քանի որ ես Ռազմիկի հարեւանն էի, եւ ինքը գալիս էր Ռազմիկի մօտ, եւ ես էլ էի իջնում եւ հանդիպել ենք իրարու միշտ: Դժբախտաբար տարիներ են անցել, Մովսէսը ապրում է Պէյրութում, ունի իր գործը, որ կապուած է արուեստի հետ: Այն տարիներին ես առիթը ունեցայ իմանալու «ԲԱԳԻՆ» ամսագրի մասին եւ առիթ ունեցայ կարդալու եւ շատ ուրախացայ, սիրեցի: Այն ժամանակ «ԲԱԳԻՆ»-ի խմբագիրը Պօղոս Սնապեանն էր, շատ համակրելի եւ շատ կարող մի անձնաւորութիւն:»

Յակոբ Յակոբեան, Բագինի 50-ամեակ, էջ 121

Մովսէս Ծիրանի/ «Դրօշակ»