Օրերս, Լոս Անճելըսի մէջ, գլխաւորութեամբ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի, կատարուած է ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի նոր մասնաշէնքի հողին օրհնութիւնը, որուն վրայ պիտի բարձրանայ ուսուցման նոր կեդրոնի՝ Collaborative Learning Center-ի շէնքը:
Այս մասին «Արեւելք» կը տեղեկանայ ԱՄՆ հրապարակուող «Ասպարէզ»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ`
ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի շրջափակին մէջ կատարուեցաւ օրհնութիւնը նոր մասնաշէնքի հողին, որուն վրայ պիտի բարձրանայ ուսուցման նոր կեդրոնի՝ Collaborative Learning Center-ի շէնքը: Արարողութեան ներկայ էին Աշակերտական խորհուրդի անդամներ, անցեալին թէ ներկայիս գործող ուսուցիչներ, տնօրէնութիւնը, Հոգաբարձութեան անդամներ, հայ համայնքի ու ՀԲԸՄի ներկայացուցիչներ, նուիրատուներ եւ յարգելի հիւրեր:
Արարողութիւնը սկսաւ ՀԲԸՄ-ՀԵԸի Սան Ֆերնանտօ հովիտի սկաուտներու դրօշակի արարողութեամբ:
Յատուկ հրաւիրեալներու շարքին էին Տէյվիտ Պրայթ, որ կը ներկայացնէր Լոս Անճելըսի քաղաքապետ Քարէն Պեսի գրասենեակը, ՀԲԸՄի Կեդրոնական վարչութենէն Երուանդ Տեմիրճեան եւ ՀԲԸՄի Արեւմտեան ափի գրասենեակի տնօրէն Գոհար Ստամբոլեան:
Շնորհաւորական խօսք արտասանեց Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի նախկին անդամ Ատրին Նազարեան. ան անձնապէս ներգրաւուած էր այս ծրագիրին մէջ եւ առաջին իսկ օրէն աջակցած անոր:
Ահարոն Քարէրա, որ կը ներկայացնէր Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Պապ Պլումընֆիլտի գրասենեակը, այս առիթով շնորհաւորագիր մը յանձնեց:
Բացման խօսքով ելոյթ ունեցան Աշակերտական խորհուրդի նախագահ Քարին Օրունճաքճիէլ եւ փոխնախագահ Յոյս Դուրեան:
Վարժարանիս գլխաւոր տեսուչ Դաւիթ Ղուկասեան իր սրտի խօսքին ընթացքին շեշտեց կարեւորութիւնը նոր կառոյցին, որ աշակերտներու յաջորդ սերունդները դէպի նոր բարձունքներ պիտի ուղղորդէ:
Հոգաբարձական կազմի ատենապետ Գէորգ Զօրեան եւ ՀԲԸՄ Կեդրոնական վարչական ժողովի անդամ Սինան Սինանեան՝ երկարամեայ ատենապետը Հոգաբարձութեան, նոր կեդրոնին յղացումը եւ կառուցումը կարեւոր նկատեցին:
Արարողութեան ներկայ էր նաեւ վարժարանիս բարերարուհի Քրիսթին Սիմոն, որուն շարունակական օժանդակութիւնը բարձր կը պահէ իր մեծ հօր՝ Ալեք Մանուկեանի անմահ անունը:
Պաշտօնական մասը աւարտեցաւ հողի օրհնութեամբ, գլխաւորութեամբ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի եւ մասնակցութեամբ Երեմիա վրդ. Աբգարեանի, Շնորհք Ա. քհնյ. Տէմիրճեանի եւ Գէորգ քհնյ. Աբեանի: Յովնան սրբազանի ոգեշունչ խօսքը խոստմնալից ապագայի մը տեսլականն էր:
Արարողութեան յաջորդեց հիւրասիրութիւն մը վարժարանի բակին մէջ, ուր բոլորը կիսեցին իրենց բերկրութիւնը եւ խանդավառութիւնը՝ յանուն պայծառ ապագայի: Յարգարժան հիւրերը իբրեւ յուշանուէր ստացան փոքրիկ բահեր՝ պատրաստուած յատուկ այս առիթով:
Նոր կառոյցը յագեցած պիտի ըլլայ արդիական սարքերով, նախատեսուած նորարարութեան, համագործակցութեան եւ կրթական գերազանցութեան խթանման համար:
Դպրոցական համայնքին եւ բարերարներուն անմնացորդ աջակցութեան շնորհիւ, նոր մասնաշէնքը գալիք սերունդներուն համար պիտի ծառայէ իբրեւ ուսուցման փարոս: