image

Անմահ Պատրիարքը

Անմահ Պատրիարքը

Մարդկային հոգեկան ապրումները քաոսի մը ամբողջութիւնն են, սակայն անոնց մէջ կայ մէկը, որ տարբեր է միւսներէն. ապրո՞ւմ է, ձգտում թէ բնազդ՝ չենք գիտեր, սակայն համատարած է եւ մարդկային գոյութիւնն ու բնութիւնը գերազանցելու փորձ մըն է մարդու կողմէ ի գործ դրուած. անմահանալու, գէթ անուամբ ու յիշատակով յաւերժ կենանի մնալու ինքնաբուխ փորձ մը: Հերոստրատի տիպարը վկայութիւնն է անոր գոյութեան եւ այդ ձգտումը հազարամեակներ ետք դարձեալ գոյութիւն ունի եւ գուցէ պիտի ունենայ այնքան ժամանակ՝ որ մարդ արարած կը գտնուի երկիր մոլորակին վրայ: 

Սակայն պատմութիւնը բոլորը չէ՛ որ կ'անմահացնէ. ինչո՞վ պայմանաւորուած է անմահութիւնը. կ'ուզէինք ըսել գործով, սակայն այդ մէկը եւս ճշմարտութիւն չէ, որովհետեւ պատմութիւնը ունի անձնազոհութեամբ մեծամեծ գործեր կատարողները եւս մոռացութեան տալու ապերախտ խառնուածքը: Բախտի գոյութեան չենք հաւատար, սակայն գուցէ այս իրողութեան մէջ բախտը ունի իր դերը եւ անկասկած այդ բախտաւորներէն մէկն է Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքներէն Ներսէս Վարժապետեանը, որուն մահուան 140 ամեակն է այսօր: 

Ի տարբերութիւն միւս եկեղեցականներուն, Ներսէս Պատրիարք դպրեվանքի աշակերտ չըլլար. ուսուցչութենէն կ'անցնի եկեղեցական պաշտօնի եւ իր երիտասարդ տարիքին՝ 25 տարեկան հասակին Եպիսկոպոսութեան աստիճան կը ստանայ. այդ թուականներուն Պոլսոյ Պատրիարքն էր Խրիմեան Հայրիկ, որ պետութեան հետ որոշ անհամաձայնութիւններ ունենալուն իր հրաժարականը ներկայացնելով կը հեռանայ Պատրիարքութեան պաշտօնէն եւ Սկիւտարի Իճատիէ թաղին մէջ ամայի տան մը մէջ կ'առանձնանայ. Խրիմեան Հայրիկ կը հեռանայ պաշտօնէն հետեւեալ պատճառով. ան կը հիմնէ գաւառի հայութեան հարստահարութիւնը քննող յանձնաժողով մը, ինչ որ կառավարութեան եւ Պոլսոյ շատ մը մեծահարուստ Աղաներուն դժգոհութիւն կը պատճառէ, որուն լոյսին տակ Խրիմեան կը ստիպուի իր հրաժարականը ներկայացնել ու հեռանալ պաշտօնէն. այդ միջոցին նոր Պատրիարք մը ընտրելու անհրաժեշտ նիւթը հրապարակ կը դրուի եւ հակառակ Ներսէս Վարժապետեանի կամքին, անոր անունը եւս կը դրուի որպէս թեկնածու եւ այսպիսով 1874 թուականին Ներսէս Վարժապետեան 36 տարեկան հասակին կը դառնայ Պոլսոյ Պատրիարքական պատմութեան ամենէն երիտասարդ Պատրիարքը: 

Սակայն Ներսէս Պատրիարք Վարժապետեան չէր ուզեր Պատրիարք դառնալ, որովհետեւ երկար տարիներ շաքարախտէ կը տառապէր. հակառակ իր վատառողջ վիճակին բաւականին աշխատանք կար կատարելիք. Պատրիարքարանը կը գտնուէր նիւթական դժուարութիւններու դիմաց. ետքը կար Աղթամարի Կաթողիկոսութեան եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի հակառակութիւնը. Ներսէս Պատրիարք հակառակ իր երիտասարդ ու վատառողջ վիճակին կը յաջողի բոլորը կարգաւորել. Կը գտնէ երկու հիմնական բարերարներ եւ կը լուծէ Պատրիարքարանի նիւթական դժուարութիւնն ու մեծ դեր կ'ունենայ Աղթամարն ու Էջմիածինը հաշտեցնելու գործին մէջ: 

Ներսէս Պատրիարք ի մի խմբելով մտաւորականներ կը յաջողի հիմնել Պոլսոյ Կենդրոնական Վարժարանը, որուն հիմնական նպատակն էր հայեցի կրթութիւն տալ հայ ժողովուրդի զաւակներուն, ինչպէս նաեւ ուսուցիչներ պատրաստել հայկական դպրոցներուն համար, որոնք պիտի երթային գաւառ եւ այլուր հայեցի դաստիարակութիւնը տալու հասակ առնող նոր հայորդիներուն: 

Սակայն այս բոլորը ոչինչ էին անոր կատարելիք ապագայ աշխատութիւններուն դիմաց. իր դիմաց դրուած կայ գաւառի հայոց բարենորոգութեան խնդիրը. գուցէ այստեղ անմահութեան արժանացաւ Ներսէս Պատրիարք Վարժապետեանի անունը. անոր գահակալութեան տարիներուն սկիզբ առաւ 1877 թուականի ռուս-թուրքական պատերազմը. 1878 թուականին կնքուեցաւ նախնական հաշտութեան պայմանագիր մը. Խրիմեան Հայրիկ նախապէս փորձած էր Հայ ժողովուրդի հարցը ներկայացնել աշխարհին ու հանրութեան, սակայն պետական դժուարութիւններու հանդիպած էր. Ներսէս Պատրիարք Վարժապետեան յաջողեցաւ կնքուած այդ պայմանագրին մէջ 16րդ յօդուածով պաշտպանել հայ ժողովուրդի շահերը. Ներսէս Պատրիարք ինք անձամբ գնաց հանդիպելու Ռուս գերագոյն հրամանատար Եպարգոս Նիկոլայի հետ եւ խօսեցաւ հայ ժողովուրդի կրած տառապանքներուն մասին: Այս յօդուածի համաձայն Ռուս կայսրութիւնը Թուրքիոյ վեց շրջաններու մէջ հայոց պաշտպան պիտի ըլլար, սակայն Անգլիա առաջնորդուելով տարբեր տարբեր քաղաքական շահերէ դէմ գտնուեցաւ այս պայմանագրին եւ չէզոքացուց հայոց ի նպաստ եղած Պատրիարք հօր դիմումը: 

Սակայն Ներսէս Պատրիարք չի՛ յուսահատեցաւ. Նոյն տարուան Յունիսի 13-ին Պերլինի մէջ պիտի վերատեսութեան պիտի ենթարկուէր Սան Սթեֆանոյի համաձայնագիրը եւ Ներսէս Պատրիարք բաց չէր կրնար ձգել նման առիթ մը, անգամ մը եւս բարձրաձայնելու հայ ժողովուրդի խնդիրները. այս նպատակով ան կազմեց պատգամաւորական խումբ մը գլխաւորութեամբ Խրիմեան Հայրիկի, անոր կողքին ունենալով Խորէն Եպս. Նարպէյը, Մինաս Չերազը եւ Ստեփան Փափազեանը: Այս ժողովէն վերադարձին էր որ Խրիմեան Հայրիկ տուաւ «Թուղթէ Շերեփ»ի օրինակը, յայտնելով հայ ժողովուրդի ապարդիւն ներկայութիւնը այդ ժողովէն ներս: 

Ներսէս Պատրիարքի տարած աշխատանքը տեսնելու համար պէտք է պարզապէս կարդալ անոր դիմումնագիրերն ու յուշագրերը: 

Ներսէս Պատրիարքի կեանքի յիշարժան դէպքերէն մէկն է Մաղաքիա Օրմանեան Պատրիարքի կաթոլիկ եկեղեցիէն բաժնուիլն ու Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցի վերադարձը. անոնք իրենց այս փափաքը կը ներկայացնեն Ներսէս Պատրիարքի, որ իր կարգին գրկաբաց ընդունելով անմիջապէս ծայրագոյն վարդապետութեան պաշտօն կու տայ Մաղաքիա Օրմանեանին, որ ապագային կը դառնայ Պատրիարք: 

Հակառակ իր երիտասարդ տարիքին ու վատառողջ վիճակին այսքան մեծ աշխատանք տանիլը պատճառ կ'ըլլայ որ հայ ժողովուրդը գնահատէ մեծ եկեղեցականին գործունէութիւնը. կը սիրուի ժողովուրդին կողմէ. 1882 թուականին Էջմիածինի մէջ կը վախճանի Գէորգ Դ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը եւ հակառակ իր կամքին 1884 թուականի Մայիսի 9ին կ'ընտրուի Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս. Ներսէս Պատրիարք կը մերժէ այդ պաշտօնը, նկատի ունենալով իր վատառողջ վիճակը եւ ընտրութենէն ամիսներ ետք՝ 26 Հոկտեմբեր 1884 թուականին, 48 տարեկան հասակին կը վախճանի: 

Ան որպէս հոգեւորական կը հրատարակէ երկու աշխատութիւն. «Քրիստոսի սուրբ եկեղեցին և անոր հակառակորդները» (1864) եւ «Ուսումն համաբարբառ Աւետարանի Տեառն մերոյ» (1875): 

Երջանկայիշատակ Ներսէս Պատրիարք Վարժապետեանի մահուան հարիւր ամեակի առիթով  Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս հետեւեալ տողերը կը գրէ.- «Տ. Ներսէս Պատրիարք Վարժապետեանը բնաւորութեամբ հեզահամբոյր, լայնախոհ, գաղափարապաշտ եւ պարզասէր մի հոգեւորական էր, բարոյական անձնաւորութեան մի կատարեալ տիպար, իր ժամանակի հոգեւորականութեան աչքառու դէմքերից մէկը՝ ազգասիրական ջերմ զգացումներով խանդավառ». իսկ Օրմեանեան Պատրիարք զինք ընդունող մեծանուն Ներսէս Պատրիարքի համար կը գրէ.- «Ներսէս իւր ազգին բարւոյն եւ յառաջդիմութեան նախանձայոյզ եղաւ: Ներսէս իւր ազգին ճշմարիտ օգուտին համար անձնուէր աշխատեցաւ: Ներսէս իւր Եկեղեցւոյն պայծառութեան ժիր մշակ եղաւ... Ներսէս արդեամբ եւ արժանեօք բարձրացաւ: Ներսէս պարագաներու ներածին չափ իւր ազգն ու Եկեղեցին շահեցուց եւ զարգացուց»: 

Ներսէս Պատրիարքի կեանքը պատասխան մըն է բոլոր անոնց, որոնք կը հաւատան, որ եկեղեցին ու եկեղեցականը քաղաքականութեան մէջ տեղ ու գործ չունին. Ներսէս Պատրիարքի, Խրիմեան Հայրիկի եւ անոնց նման բազմաթիւ եկեղեցականներ եղած են, որ հալածուելու, մինչեւ իսկ կեանքի գնով փորձած են պաշտպանել հայ ժողովուրդի շահերը. գուցէ պետութեան կողմէ շա՜տ աւելի մեծ պարգեւներու ու շնորհակալութիւններու արժանացած ըլլային, եթէ քաղաքական կողմը մէկդի ձգած զբաղէին միայն հոգեւորականութեամբ եւ հոգեւոր դաստիարակութեամբ. Ներսէս Պատրիարք շո՛ւտ վախճանեցաւ, սակայն վստահ ենք, որ աւելի երկար կեանք եթէ ունենար, զայն ամբողջութեամբ պիտի նուիրէր հայ ժողովուրդի բարօրութեան եւ պայծառացման, որովհետեւ անոր համար, նոյնիսկ սեփական շահէն աւելի առաջնահերթ էր իր ժողովուրդի կարիքները՝ որուն գլուխը կը գտնուէր ինք: 

Նման եկեղեցականներու կարիքը ունի այսօր Հայ Եկեղեցին. եկեղեցականներ՝ որոնք խաչը քարոզելէ բացի գիտեն պաշտպանել ժողովուրդի զաւակներուն շահերը՝ նոյնիսկ կեանքի գնով: 

 

Հրայր Տաղլեան
«Ժամանակ»/Պոլիս

Հրայր Տաղլեան

Հրայր Տաղլեան

Ծնած է Պէյրութ-Լիբանան, 8 Փետրուար 1992-ին: Ա...