Անգարայի եւ Երեւանի միջեւ յարաբերութիւնները պիտի կարգաւորուին Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի կնքումէն ետք։
Այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանը:
«Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւնները պիտի կարգաւորուին Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրումէն ետք», -ըսած է ան Turkiye թերթին։
Անոր խօսքով՝ Անգարայի մէջ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան ձեռքբերումը կը դիտարկեն որպէս կարեւոր տարր Հարաւային Կովկասի մէջ կայունութեան ապահովման համար:
«Մենք առաւելագոյն աջակցութիւն կը ցուցաբերենք պայմանաւորուածութիւններու ձեռքբերման համար եւ ուրախ ենք տեսնելու, որ կողմերը կը մօտենան ատոր։ Սահմանի վերաբերեալ վերջին որոշումները (սահմանազատման մասին-խմբ.) այդ առաջընթացի լաւ օրինակ են»,-նշած է Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարարը: