image

Լոս Անճելըս. Ներկայութեամբ Առաջնորդ Սրբազանին ու ազգային բարերար՝ Մայք Սարեանի Նշուած է Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ 61-րդ ամեակը

 Լոս Անճելըս.  Ներկայութեամբ Առաջնորդ Սրբազանին ու ազգային բարերար՝ Մայք Սարեանի Նշուած է Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ 61-րդ ամեակը

 Ամերիկահայ բարերար Մայք Սարեանի մասին բազում առիթներով արտայայտուած ենք։ Մարդ, որ  իր անհատական  յաջողութիւնները  ուզած  է  կիսել նաեւ  ազգային մակարդակի վրայ։  Խօսքերէ կամ գովասնքներէ անդին Մայք Սարեան   հաւատալով եւ սիրելով է, որ կ՚ընէ իր բարերարութիւնները, որոնք  կը սկսին իր բնակած վայր հանդիսացող՝  Լոս Անճըլըսէն ու կը հասնին մինչեւ ծննդավայր Պէյրութ, չմոռնալով նաեւ հերոսական Արցախ   (մինչեւ բռնագրաւումը) եւ հայրենիք՝ Հայաստան։

Այս առումով ալ օրերս   Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ  Արեւմտեան Թեմի (Կիլիկեան)  պատկան մարմինները      պատեհ առիթը ունեցած են  իրենց շնորհակալութիւնը յայտնել նուիրեալ բարերարին։ Առիթըց Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 61րդ տարեդարձին նուիրուած հանգանակային յատուկ ճաշկերոյթն էր, որուն մասին  ալ «Արեւելք» «Ասպարէզ»էն  քաղելով  տեղեկութիւնը կը ներկայացնէ ընթերցողներու ուշադրութեան։

 

Վարձքը կատար Մայք Սարեանին եւ  անոր նման նուիրեալ  ազգայիններուն։

 

 

Շաբաթ, 5 Հոկտեմբերի երեկոյեան, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան նախագահեց Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 61րդ տարեդարձին նուիրուած հանգանակային յատուկ ճաշկերոյթին, որ տեղի ունեցաւ հովանաւորութեամբ բարերար դոկտ. եւ տիկին Մայք եւ Եւելինա Սարեան ամոլին, եկեղեցւոյ համալիրը ճոխացնող «Խաթուն Սարեան» շրջափակին մէջ: Ճաշկերոյթին ներկայ եղան եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Ռազմիկ Ա. քհնյ. Խաչատուրեան, Ազգային վարչութեան ատենապետ Վահէ Յովակիմեան եւ անոր տիկինը՝ Յասմիկ, շրջանի Ազգային երեսփոխաններ, նախկին եւ ներկայ հոգաբարձական կազմի անդամներ, տեղւոյն պատկան մարմինի եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ, եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքը, Ֆերահեան Ազգային երկրորդական վարժարանի տնօրէնութիւնը եւ Ուսումնական մարմինի անդամներ, նաեւ բարերարներ, բարեկամներ եւ հիւրեր՝ առաւել քան 130 անձեր:

Ճաշկերոյթին, բացման խօսքով հանդէս եկաւ հոգեւոր հովիւը. ողջունելէ ետք ներկաները՝ ան նշեց, որ իր հիմնադրութեան օրէն ի վեր եւ ամբողջ 61 տարիներ, Ս. Նահատակաց եկեղեցին կը շարունակէ կերտել սերունդներ եւ հիմնադիր սերունդի նուիրեալ հայորդիներ՝ իրենց ճիգերը միացուցած եկեղեցւոյ պատասխանատուներուն եւ բարերարներուն, ոչ միայն շարունակած են սրբազան առաքելութիւնը, այլ նաեւ հետամուտ եղած, որ Ս. Նահատակաց եկեղեցին հովանի ու առաջնորդ դառնայ Սան Ֆերնանտօ Հովիտի հայկական գաղութին: Այսպէս՝ եկեղեցւոյ հիմնադրութենէն միայն տարի մը ետք է որ բոլորանուէր ճիգերով եւ Մատթէոս Ֆերահեանի կտակին համաձայն, հիմը դրուեցաւ Ազգային Ֆերահեան երկրորդական վարժարանին, որ յառաջիկայ տարի կը բոլորէ իր հիմնադրութեան 60ամեակը: «Արդարեւ, տասնամեակներու աշխատանք եւ նուիրուածութիւն, զորս սերունդներ կը շարունակեն ի գործ դնել առաւել եւս ծաղկեցնելու համար հայահոծ այս շրջանը», շեշտեց տէր Ռազմիկը, ապա հրաւիրեց սրբազանը, որպէսզի ներկայացնէ իր սրտի խօսքը:

Գեղամ արքեպիսկոպոսը իր խօսքին մէջ վեր առաւ տարիներու թաւալքը եւ ըստ այդմ՝ ամեակներու կարեւորութիւնը՝ դիտել տալով, որ տարի մըն ալ աւելցաւ եկեղեցւոյ տարեդարձին վրայ եւ այսպէս՝ տարուէ-տարի յաւելումով, ահա՛ 61 տարիէ ի վեր Ս. Նահատակաց եկեղեցին իր համայնքով, ազգային կառոյց-դպրոցներով եւ ժողովուրդով աւելի եւս զօրացած ու բարգաւաճած՝ կը շարունակէ հայկականութեամբ բաբախել ազգի կեանքին մէջ ո՛չ միայն իբրեւ հոգեւոր եւ ազգային գոյութիւն, այլ նաեւ տարուէ տարի ընդարձակման ենթակայ համալիր, որ իր ֆիզիքական տարածքին եւ հոգեւոր, մարդասիրական ու մշակութային նպատակներուն մէջ աւելի եւս ուռճանալով՝ կը պայծառացնէ հայկական ազգային ինքնութիւն եւ դիմագիծ, հայ նոր սերունդներու շնորհելով հայօրէն ապրելու միջավայր ու յարատեւելու ամուր կռուան:

Առաջնորդը նաեւ գնահատեց յոբելեար եկեղեցւոյ անխոնջ սպասաւորները եւ յատկապէս Խաթուն Սարեանը եւ զաւակը՝ դոկտ. Մայքը եւ տիկինը՝ Եւելինան, Ազգային առաջնորդարանի ծրագիրներուն եւ Սան Ֆերնանտօ Հովիտի հայ կեանքի բարգաւաճման նկատմամբ իրենց ցոյց տուած հոգածութեան եւ նիւթաբարոյական նպաստին համար:

Այնուհետեւ, յաջորդաբար գնահատանքի եւ երախտագիտական խօսքերով հանդէս եկան Հոգաբարձութեան ատենապետ Յովիկ Պետեւեան եւ բարերար դոկտ. Սարեան, որ իր խօսքին աւարտին ուրախութեամբ յայտնեց, թէ սիրով կը ստանձնէ հիւրընկալ-բարերարութիւնը Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ 62րդ տարեդարձի հանդիսութեան: 

Հուսկ, սրբազան հօր գլխաւորութեամբ եւ տէր Ռազմիկին ընկերակցութեամբ, բարերար ամոլը հատեց 61 տարեկան Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ կարկանդակը, ապա դոկտ. Սարեան Հոգաբարձութեան կողմէ իբրեւ յուշանուէր ստացաւ ոսկեայ համրիչ մը:

Ճաշկերոյթի պաշտօնական բաժինին յաջորդեց գեղարուեստական յայտագիր մը, որուն ընթացքին տեղի ունեցաւ հանգանակութիւն: