image

Պոլսահայ մեծ գրող՝ Զաւէն Պիպէռեանի պատմուածքները՝ թրքերէն

Պոլսահայ մեծ գրող՝ Զաւէն Պիպէռեանի պատմուածքները՝ թրքերէն

«Արաս» հրատարակչութիւնը վերջերս գրասէրներու տրամադրութեան տակ դրած է Զաւէն Պիպէռեանի «Ծով» անուանումով հրատարակուած պատմուածքներու ժողովածուի թրգերէն թարգմանութիւնը՝ «Deniz»ը։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Պոլսոյ մեր պաշտօնակից «Ժամանակ» թերթէն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝

«Արաս» հրատարակչութիւնը կը շարունակէ հետեւողականութիւն ցուցաբերել՝ Հանրապետական շրջանի թրքահայ գրականութեան տիրական դէմքերէն Զաւէն Պիպէռեանի ժառանգութեան արժեւորման ուղղութեամբ։ Այսպէս, հրատարակչատունը վերջերս գրասէրներու տրամադրութեան տակ դրած է Զաւէն Պիպէռեանի «Deniz» պատմուածքներու հաւաքածոն։

Հարկ է նշել, որ Պիպէռեանի պատմուածքներու ժողովածոն առաջին անգամ 1961 թուականին, «Ծով» անուանումով հրատարակուած է Կեդրոնական սանուց միութեան կողմէ։ Ապա, «Արաս» այդ հիման վրայ 2017 թուականին այդ գործը վերահրատարակած է։

Ի շարունակութիւն այժմ լոյս տեսած է «Deniz»ը, որ այդ ժողովածոյին թրքերէն թարգմանութիւնն է։ Գիրքին թրքերէն թարգմանութիւնը կատարուած է Նաթալի Պաղտատի կողմէ։ Գործը խմբագրած են՝ Պեթիւլ Պաքըրճը եւ Սօսի Տոլանօղլու։

Թրքերէն թարգմանութեան համար վերջաբան մըն ալ գրի առնուած է Յարութիւն Քիւրքճեանի կողմէ։