Իսրայէլի մէջ բողոքի ցոյցեր սկսած են երկրի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթի պաշտօնանկութենէն ետք։ Այս մասին հաղորդած են տեղական լրատուամիջոցները։
Հարիւրաւոր մարդիկ ցոյց կը կատարեն Թէլ Աւիւի մէջ՝ վանկարկելով երկրի կառավարութեան ու վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուի դէմ կարգախօսներ։
Լրատուամիջոցներու հաղորդմամբ, Նեթանիահուն աշխատանքէն ազատած է Կալանթը «վստահութեան կորուստի» համար։
Յիշեցնենք, որ երէկ Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթը պաշտօնանկ եղած է։ Անոր փոխարէն նշանակուած է Իսրայէլ Քացը, Արտաքին գործոց նախարար դարձած է Կետէոն Սաարը։ Այս մասին յայտնած է Reuters-ը։
Իսրայէլի խորհրդարանական ընդդիմութիւնը կոչ ըրած է քաղաքացիներուն դուրս գալու փողոց՝ վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուի՝ պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթը պաշտօնանկ ընելու որոշման պատճառով։