Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութիւններուն իր յաղթակաի մասին յայտարարած Տանըլտ Թրամփը, Ֆլորիտայի մէջ դիմելով իր աջակիցներուն, ըսած է, որ պիտի դադրեցնէ պարտերազմները:
«Ես պատերազմներ պիտի չսկսիմ, այլ պիտի դադարեցնեմ զանոնք», -ըսած է ան:
Այս յայտարարութեան արձագանգած է Ռուսիոյ Արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան:
«Հակամարտութիւններու դադրեցման անհրաժեշտութեան մասին Թրամփի թեզը կ՚ենթադրէ, որ ատոր համար պէտք է ըլլան յստակ գործողութիւններ», -ըսած է ան:
Նշենք, որ համաշխարհային առաջնորդները Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութիւններուն հանրապետական թեկնածու Տանըլտ Թրամփը շնորհաւորած են յաղթանկի կապակցութեամբ: Հանրապետական թեկնածուին առաջինը շնորհաւորած է Սալվատորի նախագահ Նայիպ Պուքելէն։ Անոր յաջորդած են Հունգարիոյ վարչապետ Վիքթոր Օրպանը, Ավստրիոյ վարչապետ Քարլ Նեհամմերը, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը, Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն, Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին, Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Քոպախիձէն, ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Մարք Ռիւթէն: