Բնիկ Քեսապցի մտաւորական Դոկտ. Յակոբ Չոլաքեան կը գրէ՝
1987-ին Քարէն Եփփէ Ազգային Ճեմարանի մէջ աշակերտական ուժերով սուրիահայ դպրոցի պատմութեան նուիրուած ցուցահանդէսի մը աշխատանքին վրայ էի: Պատրաստուած ուղեցոյց-հարցարանի մը առաջնորդութեամբ աշակերտ-աշակերտուհիները անսպասելի առատութեամբ նիւթեր կը դնէին խմբագիրներու սեղանին վրայ: Ինծի մօտեցաւ Արոյեանը,_ անունդ ինչպէս մոռցեր եմ, տղա՛յ,_ ու մեծ կապոց մը ինծի մեկնելով ըսաւ.
_ Ասոնց նայեցէ՛ք, պարո՛ն:
Թերահաւատութեամբ բացի կապոցը, որովհետեւ իմ բազմամեայ ուսուցչական կեանքիս մէջ հայերէն լեզուի նկատմամբ այդքան անտարբեր աշակերտ չէի ունեցած: Իրաւ կ’ըսեմ: Կը քաշուէի հրապարակաւ նկատողութիւն տալ իրեն, կամ անոր մասին բացասական կարծիք յայտնել տեսչարան, որովհետեւ ե՛ս կարծես յանցաւոր կը զգայի ինքզինքս անոր այդ վիճակին համար: Ինչո՞ւ չէր փոխուեր Արոյեանը, ինչո՞ւ քանի մը նախադասութիւն չէր կրնար կցել իրարու: Գիրքը միշտ բաց էր սեղանին վրայ. հայեացքը՝ անոր, ու գլուխը երբեք չէր դարձներ ինծի՝ մինչեւ անունը չտայի: Հարցումիս չէր պատասխաներ, գլուխը կը թեքէր իմ կողմս, ու ես բան չէի հասկնար այդ շարժումէն, «չեմ սորված», «չեմ գիտեր» ըսող աշակերտներէն ալ չէր…
Բացի կապոցը, ու մէկ-երկու նիւթէ ետք, արագ-արագ, յաջորդը աւելի մեծ անհամբերութեամբ տեսնելու տենչով՝ փռեցի սեղանին: Սուրիոյ տարբեր վայրերէն եկող դպրոցական նկարներ, վիճակացոյցներ, վկայականներ, հոգաբարձութեան ատենագրութեան տոմարներ, տնօրէնութեան կնիքով նամակներ եւ այլն, հին դասագիրքեր, նոյնիսկ աշակերտական աշխատանքի տետրակներ եւ այլն…
Ափ ի բերան մնացած էի, այս բոլորը ուրկէ՞ այս տղուն…
Կրցայ հասկնալ, որ Արոյեանը պարբերաբար կ’այցելէ հնավաճառներուն: Անոնցմէ քանի մը հատ կային Հալէպի հին թաղերուն մէջ: Ճտէյտէի մէջ ես ալ երբեմն կանգնած եմ այդպիսի խանութի մը առջեւ, քիլոյով հին թուղթեր, գիրքեր, որոնց մէջ անգտանելի կարծուածն ալ կը տեսնես: Արոյեանը աչքէ կ’անցընէ ինչ կայ չկայ ու՝ գրպանին ներած չափով կը վերցնէ այն, որ կը կարծէ, թէ հայ կեանքին հետ կ’առնչուի: Արոյեան գիտէր, որ քաղաքէն անվերադարձ մեկնողներուն տան «խըրթնուփըրթը», մառանին մէջ մոռցուած գիրքերու կոյտը այս մարդոց քով կը տեսնես…
Կը հասկնա՞ր… Ա՛նպայման, որովհետեւ իր հաւաքածոյէն կրցած էր զատել միայն անոնք, որ մեզի համար անհրաժեշտ կրնային նկատուիլ: Բայց հասկցածը ընդհանրապէս ու հաստատապէս այն պիտի ըլլար, թէ ասոնք հայոց կը պատկանին, հայերէն են, ուրեմն հոն պէտք չէ մնան… ու կը վերցնէր:
Կ’ուզէի գրկել, ճակատէն համբուրել այս տղան, որուն երբեմն ծածկաբար կրնայի դիտողութիւններ ըրած ըլլալ, պիտակած ըլլալ անորակելի բառով մը՝ հայերէն դասանիւթին նկատմամբ իր անտարբերութեան համար…
Բայց կ’ամչնայի…: Իրմէ:
Հոն հասկցայ, որ հայերէնը միայն քերականութիւն եւ գրականութիւն չէ, այլ կամուրջ է դէպի որեւէ ազգային արժէքի տանող, ոգի է, որ ահա այսպէս կամ այնպէս կրնայ դրսեւորուիլ տղոց մէջ:
Արոյեանը այդպիսի հրաշք մըն էր:
Յակոբ Չոլաքեան
Գանձասար
3 Հոկտեմբեր 2024